
ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ քրտաբնակ Շեմտինլի շրջանին մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն եւ թրքական բանակին միջեւ Օգոստոս 22ին ու 23ին տեղի ունեցած զինեալ բախումներու ընթացքին թրքական բանակէն սպաննուած են առնուազն վեց զինուորներ:
Թրքական բանակը կը հաղորդէ, թէ ռազմական գործողութիւններ կը շարունակուին բանակային դիրքերու վրայ յարձակած քիւրտ զինեալներու դէմ, որոնցմէ առնուազն 16ը սպաննուած է Հինգշաբթի օրուան ընթացքին:
Քրտական զինեալ պայքարի աշխուժացման հակադարձելով՝ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի պահանջած է, որ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը քաջութիւնն ունենայ թրքական դրօշակ պարզելու հիւսիսային Իրաքի Քանտիլ լերան վրայ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հակակշիռին տակ կը գտնուի։ «Մի՛ վախնար, եթէ հոն դրօշակ պարզես, ամբողջ ազգը քու ետին պիտի կանգնի, եւ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ պիտի ընենք», ըսած է ան՝ ցաւ յայտնելով, որ Ռամատան ամսուան ընթացքին «մեծ թիւով նահատակներ տուինք ահաբեկչութեան»:
«Ահաբեկիչները վերջ տուին եղբայրութեան իրաւակարգին ու այս երկիրին մէջ հրահրեցին եղբայրներու միջեւ թշնամական զգացում։ Սուրիոյ դէպքերը մէջտեղն են, եւ որոշ շրջանակներ հիմա կ՛ուզեն Թուրքիոյ մէջ կրկնել այն, ինչ կը պատահի Սուրիոյ մէջ։ Կառավարութիւնը այս երկիրին մէջ ապրելու իրաւունք պէտք չէ տայ բոլոր անոնց, որոնք կը հրահրեն եղբայրասպան կռիւը», աւելցուցած է ան։