ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թեթեւ կշիռքի դասակարգին մէջ հանդէս եկող հայազգի բռնցքամարտիկ Վանէս Մարտիրոսեան Նոյեմբերի 10ին պիտի ճակատի քուպացի Էրիսլանտի Լարայի դէմ, ըստ «championat.com»ին: Յաղթողը իրաւունք պիտի ստանայ մենամարտելու WBC վարկածով աշխարհի ախոյեանի գօտիին համար: Մարտիրոսեան-Լարա մրցումը տեղի պիտի ունենայ Լաս Վեկասի «MGM Grand» պանդոկի մարզադաշտին մէջ:
Մարտիրոսեան ծնած է Աբովեան քաղաքին մէջ եւ կանուխ հասակին, ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ:
2004ին, Մարտիրոսեան Սիտնիի մէջ նուաճած էր ողիմպիական ախոյեանի տիտղոսը: