ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայոց Մայրենին իր զարգացման բարձրակէտին հասած էր մինչեւ Առաջին աշխարհամարտն ու թրքական պետութեան գործադրած հայ ժողովուրդի բնաջնջման եւ Հայաստանի ապահայացման ցեղասպանական ծանրագոյն ոճիրը։
19րդ դարու վաթսունականներէն թափ առած հայոց աշխարհաբարի նուիրագործման, յղկման եւ զարգացման համատարած ու առոյգ շարժումը, թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ արեւելահայ իր զոյգ եւ անբաժանելի թեւերով, 20րդ դարու առաջին տասնամեակին արդէն նուաճած էր ինքնահաստատման իր ուղին եւ բազմակողմանի զարգացման իր ուրոյն կռուանները։
Աւելի՛ն. Ազգային Զարթօնքն ու անոր շղթայազերծած հայ ազատագրական պայքարը, մշակութային իրենց արմատական ներգործութեամբ, յաջողած էին վերականգնել օտար ու բարբարոս տիրապետութեանց բազմադարեան ճնշումին տակ աղճատուած ու հիւծած հայ ազգային լեզուամտածողութիւնը։
Երկար ու խաւար դարերու հետեւանք՝ խաթարման կեղտաջուրերուն դէմ իր ծաւալած հետեւողական պայքարով՝ հայ մտաւորականութիւնը կարողացաւ մաքրազտել ու վերազարգացման հունին մէջ մտցնել հայկական ակունքները մեր ժողովուրդին քաղաքակրթական ոգորումին, սկսելով նախաքրիստոնէական ժամանակներէն եւ հասնելով մինչեւ Միջին Դարեր ու Վերածնունդ։
Հայոց լեզուի եւ հայ ազգային լեզուամտածողութեան այդ յաղթական վերականգնումն ու նոր ժամանակներու հայ ժողովուրդին կենսունակ մուտքը նուաճուեցան, Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ազգային պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ։
Ոչ միայն զրկուեցան սեփական պետականութեան հոգատար եւ առաջնորդող կռուանէն, այլեւ ընդհակառակն՝ ինքնահաստատման այդ յաղթարշաւը մղուեցաւ ի հեճուկս ու ընդդէմ պետական ամէն կարգի կաշկանդումներու եւ արգելքներու, հաւասարապէս արեւելեան թէ արեւմտեան կողմն Հայաստան աշխարհի։
Կասկածէ վեր է, անշուշտ, որ ազատ ու անկախ Հայաստան եւ սեփական պետականութիւն ունենալու պարագային, հայ ժողովուրդը ի վիճակի պիտի ըլլար ազգային իր ներուժը առաւելագոյնս արդիւնաւորելու եւ լիարժէք ոստումներ ու թռիչք ապահովելու իր բազմակողմանի զարգացման վերանորոգ երթին։
Աւելի քան բնական ու հասկնալի է, այդ առումով, որ Մայրենիի վերանորոգման եւ հայ ազգային լեզուամտածողութեան վերականգնումին կիզակէտը դարձաւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի վերանուաճման հանգանակը, որուն իրականացման համար հայ ժողովուրդի արիւնէն, պապենական հողերէն եւ սերունդներու վաստակէն այնքա՜ն ծանրակշիռ հարկ ստիպուեցանք վճարել ազգովին, 1890ականներու Համիտեան ջարդերէն մինչեւ 1915ի Հայասպանութիւնն ու 1918ի Մայիս 28ի Հրաշափառ Յարութիւնը։
Նոյնպէս կասկածէ վեր է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնումով մեր առջեւ բացուած ազգային լիարժէք վերականգնման ուղին բրտօրէն խափանուեցաւ թուրքեւռուս՝ Քեմալ–Լենին միացեալ հարուածներուն խորտակիչ ճնշումին տակ։ Հանրապետական Հայաստանի ձեռնարկած ազգահաւաքն ու հողահաւաքը արագօրէն յուշի եւ հեռաւոր երազի վերածուեցան։ Խորհրդայնացուած Հայաստանը պետականօրէն խստագոյն հալածանքի եւ բռնաքայլերու դիմեց, որպէսզի հայ ազգային լեզուամտածողութիւնը ամբողջապէս փոխարինէ խորհրդային հայրենիքի, խորհրդային պետութեան, խորհրդային մարդու, խորհրդային մշակոյթի, խորհրդահայ «ուղղախօսութեան եւ ուղղագրութեան» զինուորագրուած գաղափարաբանական մտակաղապարումով։
Այդպէ՛ս է, որ հայ ազգային լեզուամտածողութեան հիւծախտը արմատաւորուեցաւ մեր ժողովուրդին մէջ՝ ե՛ւ ի Հայաստան, խորհրդային այլասերման հետեւանքով, ե՛ւ ի սփիւռս աշխարհի, տարագիր կեանքի եօթգլխանի հրէշին բացած ձուլման ճանապարհով։
Մտահան չենք ըներ, որ հակառակ ազգային անկախ պետականութեան կործանումին եւ ամբողջ տասնամեակներ խորթ կամ օտար պետական իշխանութեանց տակ ապրելու պարտադրանքին, հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ իր ազգային ներուժը պաշտպանել եւ պահպանել ամբողջական այլասերման դէմ՝ շարունակ հետամուտ ըլլալով ազգային–քաղաքական իր աւանդներուն եւ ուրոյն լեզուամտածողութեան վերականգնումին ու նորովի զարգացումին։
Նոյնպէս չենք անտեսեր, որ օտար մշակոյթներու եւ պետական արդիական կառոյցներու հետ գոյակցումի ու համարկման տասնամեակներու կենսափորձը միայն չարիք չբերաւ մեր ժողովուրդին։ Նաեւ հորիզոն բանալու եւ պատուաստումներ կատարելու հնարաւորութիւնները ընձեռեց։ Սփիւռքի տարածքին օգնեց, որ նորահաս սերունդները կարենան յաղթահարել նորաստեղծ հայօճախներուն սպառնացող փակ կեդրոնացման գօտիներու վերածուելու դատապարտուածութիւնը։ Իսկ հայրենի հողի վրայ ապրող հայութեան օգնեց, որ գերի չմնայ ծայրամասային գօտիի գաւառականութեան։
Ընդհանրացման կարգով կատարուած այս ընդգծումները կը թելադրուին մօտիկ թէ հեռաւոր մեր անցեալին առընչուող դրականն ու բացասականը հասարակ յայտարարի բերելու եւ, իբրեւ այդպիսին, հայ ազգային լեզուամտածողութեան վերականգնումին ծառայեցնելու հրամայականէն։
Եթէ հայ ժողովուրդը 21րդ դարուն համահունչ թռիչք պիտի կատարէ եւ բազմակողմանի իր զարգացման ու ազգային–քաղաքական ամբողջական ինքնահաստատման ուղղութեամբ յառաջընթաց պիտի նուաճէ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր պէտք ունի իր զոյգ թեւերուն՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի լրիւ ներուժով համակարգուած թափահարումին։
Իսկ նման թռիչք եւ Հայաստան–Սփիւռք զոյգ թեւերով թափահարում իրականացնելու համար, նախապայման է որդեգրումը հայ ազգային լեզուամտածողութեան մէջ յառաջացած խորթութիւններն ու հակասութիւնները յաղթահարելու համազգային ռազմավարութեան։
Խօսքը կը վերաբերի փոխադարձ ճանաչողութեան վրայ հիմնուած, ազգային մեր աւանդները հարստացնող տարբերութիւնները ընդունելու եւ զարգացնելու, իսկ մեզ իրարմէ հեռացնող ու բաժնող այլասերումները թօթափելու հետեւողական զօրաշարժին, որուն մղում տալու եւ համակարգումը ապահովելու նախանձախնդրութիւնը կոչումը պէտք է ըլլայ, առաջին հերթին, վերանկախացեալ Հայաստանի պետականութեան։
Այդ առումով առանձնայատուկ առաքելութեան կոչուած է յարաբերաբար նորաստեղծ Սփիւռքի նախարարութիւնը։
Անոր առանձնայատկութիւնը չի սահմանափակուիր սոսկ այն հանգամանքով, որ ուղղակիօրէն Սփիւռքին սպասարկելու առաքելութիւնը ունի։
Սփիւռքի նախարարութիւնը ազգային մեր պետականութեան այն կեդրոնական օղակն է, որ հայ ժողովուրդին համաշխարհային ազգի գոյավիճակը մարմնաւորելու եւ անոր, իբրեւ մէկ ու միասնական ամբողջութիւն, զարգացումը հունաւորելու առաջնահերթ կոչումը ունի։
Դիւրին չեղաւ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը։ Ոչ ալ հարթ ուղի մը վիճակուեցաւ երեք տարի առաջ ստեղծուած այս նախարարութեան։
Երբեմնի՝ խորհրդային իշխանութեանց խօսափող Սփիւռքի հետ կապի կոմիտէի դառն ու տխուր «աւանդ»ը յաղթահարելու մարտահրաւէրը դիմագրաւող նորաստեղծ նախարարութիւնը անմիջապէս յայտնուեցաւ նոյն անցեալը կրկնելու աննախանձելի դրութեան մէջ, երբ Հայաստանի կողմէ Հայեւթուրք տխրահռչակ արձանագրութեանց ստորագրումը արդարացնելու… պարտաւորութեան տակ գտնուեցաւ։
Բայց ժամանակը եւ առաքելութեան զգացողութիւնը օգնեցին այս նախարարութեան, որպէսզի քայլ առ քայլ հաւասարակշռութիւնը հաստատէ պետական ու համազգային իր պատասխանատուութեանց միջեւ։
Արձանագրուած այդ դրականն ու յառաջխաղացքը պահպանելու եւ քաջալերելու մեկնակէտով է, որ կարելի չէ անտարբեր մնալ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ դրսեւորուող օտարոտի տրամադրութեանց։
Յատկապէս երբ Սփիւռքի նախարարութեան անունով կը կատարուին հայ ազգային լեզուամտածողութեան ակունքները անտեսող ընդհանրացումներ։
Օրինա՞կ։
Ահաւասի՛կ նորագոյնը։
Երկու օր առաջ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը «Այբբենարան» անունով նոր լոյս տեսած «Արեւմտահայերէնի դասագրքեր»ու։ Այդ առթիւ ելոյթ ունեցած պատասխանատուներու եւ պետական պաշտօնատարներու շարքին, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ողջոյնի խօսք արտասանած է։ Արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ հայկական կազմակերպութեանց եւ հայ անհատներու դրական գործունէութիւնը գնահատելու համար, Սփիւռքի նախարարուհին հիմնուած է հետեւեալ տիպի ընդհանրացումի վրայ. «Դարեր շարունակ պետականութիւնից զուրկ տարածքում գործելով՝ արեւմտահայերէնը սփիւռքեան կազմակերպութիւնների, անհատների ջանքերով է պահպանուել ու փոխանցուել սերնդէ սերունդ»…
Սփիւռքի նախարարը հայ ազգային լեզուամտածողութեան հանդէպ առնուազն անուշադիր կը գտնուի, երբ ընդհանրապէս հայ լեզուին, հաւասարապէս արեւելահայերէնին եւ արեւմտահայերէնին վիճակուած «դարեր շարունակ պետականութիւնից զուրկ տարածքում» պահպանուած ու սերունդէ սերունդ փոխանցուած ըլլալու նուաճումը միայն արեւմտահայերէնին կը վերագրէ…
Այդ հիման վրայ ալ կը կառուցէ խորթացման տանող տրամաբանութիւն մը, ըստ որուն՝ ինչպէս որ արեւելահայերէնի պարագային տեղի ունեցած է եղեր, այնպէս ալ արեւմտահայերէնի ուղղագրութիւնն ու ուղղախօսութիւնը պետականօրէն պէտք է պաշտպանուի եղեր կամայականութեանց դէմ…
Հայ ազգային լեզուամտածողութեան վերականգնումն ու վերազարգացումը կը պարտաւորեցնեն աւելի նախանձախնդիր ընկալում եւ պատասխանատու վերաբերում։
Մանաւանդ Սփիւռքի նախարարը մտահան չի կրնար ընել, որ հայոց լեզուն առանց պետականութեան նուաճեց իր զարգացման ու բիւրեղացման բարձրակէտը քսաներորդ դարասկիզբին։
Իսկ այդ ո՞ր «պետականութիւնից զուրկ տարածք»ն էր, ուր դարեր շարունակ պահպանուեցաւ եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուեցաւ հայոց լեզուն՝ հաւասարապէս թէ՛ արեւմտահայերէնով, թէ՛ արեւելահայերէնով։
Արեւելահայերէնի անաղարտ պահպանման համար պետականազուրկ տարածք չէ՞ր… Արեւելահայաստանը։
——————————————————————————————-
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
——————————————————————————————–