ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան ընդունած է Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Մարթա Տասուընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Գագիկ Բեգլարեան կարեւոր նկատած է Իտալիոյ հետ կապերը՝ փոխադրութեան եւ հեռահաղորդակցութեան բնագաւառին մէջ, ներկայացուցած է Հայաստանի այն ծրագիրները, որոնք կրնան հետաքրքրել Իտալիան։
Նախարարը նշած է, որ ճանապարհաշինութեան բնագաւառին մէջ աշնան լայնածիր եւ աշխոյժ կերպով պիտի սկսին Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի աշխատանքները, որոնց նիւթականը տրամադրած է Ասիական զարգացման դրամատունը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային կարգ մը կազմակերպութիւններ փափաք յայտնած են համագործակցելու: Ան դիտել տուած է, որ առաջին եւ երկրորդ հատուածին առնչուող մրցումը աւարտած է, պիտի կայանայ մրցում՝ երրորդ եւ չորրորդ հատուածներուն համար, որոնց առնչութեամբ իտալական ընկերութիւններ կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել։
Մարթա Տասուըն համաձայն գտնուած է առաջարկին եւ նշած, որ հազիւ Իտալիա մեկնած համապատասխան կազմակերպութիւնները տեղեակ պիտի պահէ Հայաստանի մէջ ճանապարհաշինութեան առնչութեամբ տարուելիք աշխատանքներուն մասին, մանաւանդ որ Իտալիան ենթակառուցուածքներու շինարարութեան առումով շատ աշխոյժ է: