ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու դատարանին մէջ՝ դատաւոր Արշակ Վարդանեանի նախագահութեամբ, 27 Օգոստոսին սկսած է «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ, նախկին պատգամաւոր Սամսոն Ղազարեանի դէմ բացուած դատին քննութիւնը:
Ըստ մեղադրանքին, Սամսոն Ղազարեան Հայաստանի կեդոնական դրամատան կողմէ սահմանուած տոկոսադրոյքի կրկնապատիկը գերազանցող չափով, անհաշիւ եկամուտ ստանալու դիտաւորութեամբ, Մեխակ Գաբրիէլեանին տուած է 45.139.200 դրամին համարժէք 120 հազար տոլար, որուն փոխարէն, նոյն ժամանակաշրջանէն սկսեալ՝ մինչեւ 2011ի Մարտ ամիսը, ստացած է Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ սահմանուած 1 տոկոս տոկոսադրոյքի կրկնապատիկը գերազանցող ամսական 3.5 տոկոսի, ապա՝ 5 տոկոսի, այնուհետեւ՝ 10 տոկոսի չափով տոկոսային շահեր, որոնց ամբողջութիւնը կազմած է 70.253.600 դրամի համարժէք 190.725 տոլար:
Ամբաստանեալը իրեն ուղղուած մեղադրանքը չէ ընդունած։