Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը նամակ մը ստացած է Աւստրալիա բնակող հայրենակիցէ մը, որուն զաւակը մասնակցած էր Հայաստանի մէջ իրագործուած Համազգայինի վերջին համագումարին:
«Ասպարէզ», այս վկայութեան հետ միասին ձեր ուշադրութեան կը յանձնէ նկարներ՝ նոյն համագումարի զանազան պահերէն: Ստորեւ՝ սոյն նամակ-վկայութիւնը.
Յարգարժան Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութիւն,
Ստորագրեալներս՝ սիտնիաբնակ Նորա եւ Սահակ Սեւակեաններ, սոյն նամակով կու գանք մեր երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան անկեղծ զգացումները յայտնել ձեզի, որ առիթը ընծայեցիք մեր զաւակին՝ 18ամեայ Նժդեհ Սեւակեանին, որպէսզի իր մասնակցութիւնը բերէ Երեւանի մէջ կայացած 2012 Համազգայինի Երիտասարդական Համագումարին (Ֆորումին), որ տեղի ունեցաւ Յուլիս ամսուան ընթացքին:
Մեզի համար հոգեկան անբացատրելի ուրախութիւն էր, երբ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութիւնը տեղեկացուց մեզ, թէ Նժդեհը, որ 2011ին շրջանաւարտ եղաւ ՀԱՍԳ ճեմարանէն, թեկնածու էր մասնակցելու յիշեալ համագումարին: Նոյնքան ուրախ էր նաեւ Նժդեհը, որովհետեւ առաջին անգամ արդէն իսկ 11րդ կարգին, այցելած էր Հայաստան իր դասընկերներուն հետ, 2010 թիւին, եւ անհամբեր էր կրկին անգամ այցելելու Մայր հայրենիք եւ այս անգամ՝ աւելի մեծ խանդավառութեամբ ու հետաքրքրութեամբ, ուր հասակակից նոր հայ ընկերներու պիտի ծանօթանար եւ զանազան օգտաշատ ծրագիրներու իր ներկայութիւնը պիտի բերէր:
Հակառակ անոր, որ որոշ չափով կը կռահէինք, թէ Նժդեհը բաւական բան սորված եւ յատուկ տպաւորութիւններով պիտի վերադառնար նման դաստիարակիչ համագումարէ մը, բայց եւ այնպէս, բառեր չենք գտներ նկարագրելու Նժդեհին զգացումները եւ հոգեվիճակը՝ վերադարձած օրէն մինչեւ օրս:
Ան անընդհատ կը խօսի բոլոր այն հայ երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներուն մասին, որոնք տարբեր երկիրներէ եկած էին, եւ թէ որքա՛ն լաւ ու անմոռանալի ժամեր անցուցած են իրարու հետ: Նամանաւանդ, ան յաճախ կը շեշտէ, թէ հակառակ անոր, որ տարբեր երկիրներու եւ տարբեր բարքերու ու սովորութիւններու ազդեցութեան տակ ապրող հայեր էին, բոլորը միացած մէկ հողի վրայ՝ Հայրենի հողին վրայ՝ 15 օրուան ժամանակամիջոցին զգացած ու աշխատած են որպէս մէկ մարմին, իրարու հետ կրցած են բաժնել զիրենք յուզող հարցեր եւ մտահոգութիւններ եւ յաջողած են ստեղծել սերտ կապեր:
Կ՛ուզենք յիշել, թէ Նժդեհին վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած են համագումարի բոլոր ծրագիրներն ու միջոցառումները, ինչպէս նաեւ դասախօսները, որոնք զանազան նիւթերու շուրջ ուսուցանած են զիրենք. հոս յատկապէս կ՛ուզենք մեր շնորհակալութիւնները ձեր միջոցաւ փոխանցել վաստակաշատ ուսուցիչ Կարօ Յովհաննէսեանին, որ ազգային եւ հայրենասիրական բարձր դաստիարակութիւն կրցած է ջամբել բոլորին եւ յատկապէս՝ մեր զաւակին:
Եթէ այսօր հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ սահմանափակ հայեցի կրթութիւն ստացած մեր զաւակը վերադարձած է բուռն հայկականութեամբ ու հայ շունչով տոգորուած, եւ ամօթ կը զգայ, թէ ինք միւս երիտասարդներուն նման հայկական ազգային-յեղափոխական երգերը չէ կրցած երգել եւ այդ օրէն իսկ յատուկ ճիգ կը թափէ, որպէսզի սորվի այդ բոլորը, ապա հոս մենք յստակօրէն կը տեսնենք Համազգայինի յաղթանակը, որ իր առաքելութեան մէջ լիովին յաջողած է՝ հիմնելով եւ կազմակերպելով նման ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ նման աշխատանքներու իրականացումը վս-տահած է Յովհաննէսեանի նման անձնաւորութիւններու, որոնք սերնդակերտում բառին կու տան իր արդար նշանակութիւնը եւ կը պատրաստեն ապագայ ՀԱՅ մարդը:
Այսօր մեզի համար անբացատրելի ուրախութիւն է, որ Նժդեհը համագումարէն վերադարձէն ի վեր, որոշած է հայկական երիտասարդական խումբերու միանալ եւ յատուկ գործունէութիւն տանիլ գաղութէն ներս, եւ այդ կը պարտինք նախ ձեզի՛, սիրելի Համազգայինի Կեդրոնական, ապա մեր գաղութէն ներս գործող Համազգայինի ընտանիքին ու անոր հովանիին տակ գործող Համազգային Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն ճեմարանին, որ նախնական հունտերը յաջողեցաւ ցանել մեր զաւակներուն հոգիներուն մէջ, եւ առիթը ընծայեց, որ անոնք այսօր արժանի ըլլան այսպիսի առիթներ վայելելու:
Որպէս մեր զաւակներու հայկականութեամբ եւ հայօրէն գոյատեւելու հարցով մտահոգ ծնողք՝ մեծապէս երախտապարտ ենք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որուն այս երիտասարդական համագումարի ծրագիրին շնորհիւ, մեր զաւակը՝ Նժդեհը, առիթը ունեցաւ ապրելու նման փորձառութիւն մը, որ ըստ իրեն՝ անմոռանալի եւ յատուկ պիտի մնայ իր յիշողութեան մէջ, շատ երկար ժամանակ:
Սիրելինե՛ր,
Վարձքերնիդ կատա՛ր: Ձեզի կը մաղթենք ուժ, կորով եւ յուսահատութիւն չճանչցող անսպառ կամք: Կը մաղթենք որ Համազգայինի նմանօրինակ ծրագիրները բարգաւաճին ու ծաղկին, մանաւանդ՝ մեր երիտասարդութիւնը հետաքրքրող ու զիրենք իրենց արմատներուն կապելու միտող մշակութային ու ազգանպաստ բնոյթ ունեցող աշխատանքները: Լիայոյս ենք, որ Նժդեհին նման շատ երիտասարդներ մեծապէս կ՛օգտուին նման համագումարներէ եւ իրենք ալ, իրենց կարգին, իրենց սորվածը ի գործ կը դնեն՝ օգտակար դառնալու համար իրենց շրջանակին ու միութիւններուն:
Յարգանօք
եւ շնորհակալութեամբ՝
ՆՈՐԱ ԵՒ ՍԱՀԱԿ
ՍԵՒԱԿԵԱՆՆԵՐ
Սիտնի, Աւստրալիա
26 Օգոստոս, 2012