
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի որոշումով՝ Արմէն Հայրապետեան ազատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալի պաշտօնէն: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Նաեւ, ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի որոշումով՝ Վահէ Ջիլաւեան նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ: Վահէ Եուրիի æիլաւեան ծնած է 1975ին, Երեւան: 1996-1997 տարիներուն ՀՀ բանակ ծառայած է. կը տիրապետէ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներուն: Անկուսակցական է, ամուսնացած եւ ունի երկու երեխայ: