
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական կողմը կրկին մերժեց անմիջական կապ հաստատելու հայկական կողմին առաջար- կը ու խախտեց զինադադարը: 29 Օգոստոսին Տաւուշի մարզի Կայանաւան շրջանի մերձակայքը տուած այցելութենէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին խօսած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր կառավարման մարմինի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Մկրտումեանը: «Թէ ինչու է Ատրպէյճան հրաժարւում եւ խուսափում այդ հանդիպումից, շատ լաւ հասկանալի է», ընդգծած է Մկրտումեանը:
Խօսելով Տաւուշի մարզպետարանին մէջ ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներուն հետ կայացած խորհրդակցութեան մասին՝ ան տեղեկացուցած է, որ ԵԱՀԿին ներկայացուած են տուեալներ՝ ատրպէյճանական կողմէ զինադադարը տարուէ տարի աւելի մեծ թիւով խախտելու երեւոյթին առնչութեամբ։ «2011ին ատրպէյճանական կողմը հրադադարի ռեժիմը խախտել է մօտ 12 հազար 700 անգամ, իսկ 2012ի մօտ ութ ամիսների ընթացքում՝ 12 հազարից աւել: Քննարկուել է նաեւ առաջնագծից դիպուկահարների հեռացման հարցը, որը ատրպէյճանական կողմը կտրուկ մերժում է, ինչի պատճառները հասկանում ենք մենք եւ միջազգային հանրութիւնը», դիտել տուած է Մկրտումեան: Անոր համաձայն, հակառակորդը կը շարունակէ միտումնաւոր կերպով կրակել խաղաղ բնակիչներուն եւ շրջաններուն ուղղութեամբ, կոպտօրէն կը խախտէ Ժընեւեան ուխտի պահանջները՝ կարծելով, թէ անպատիժ պիտի մնայ: Մարզպետարանին մէջ կայացած խորհրդակացութեան ընթացքին ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ իբրեւ գերի պահուող Հայաստանի քաղաքացիներուն հարցը, զոր ատրպէյճանական կողմը ամբողջովին կը փորձէ հերքել։
ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին համաձայն, 29 Օգոստոսին հայ-ատրպէյճանական հանդիպակաց սահմանին վրայ տեղի ունեցած է հերթական դիտարկում: Կողմերուն միջեւ գտնուող 1200 մեթր հեռաւորութեան վրայ տեղի ունեցած հետախուզութիւնը տեւած է 5-7 վայրկեան, եւ ոչ մէկ միջադէպ արձանագրուած է։
Ատրպէյճանական կողմէ զինադադարը խախտելով՝ 21 Օգոստոսի լոյս 22ի գիշերը կրակ բացած է Տաւուշի մարզի Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր եւ Մովսէս գիւղերու ուղղութեամբ: Հայկական կողմէն զոհեր եւ վիրաւորներ չկային, արձանագրուած է միայն նիւթական վնաս, Ներքին Կարմիրաղբիւրի մէջ կազատար մը վնասուած է։