
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տղոց հաւաքականը 3:0 արդիւնքով յաղթած է Պենկլատեշի խումբին՝ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի 40րդ համաշխարհային ողիմպիական խաղերու երկրորդ հանգրուանին։ Այսպիսով, անկախ մնացեալ արդիւնքներէն, խումբը ապահոված է այս հանգրուանին։
Ճատրակի վարպետներ Լեւոն Արոնեանի եւ Վլադիմիր Յակոբեանէն ետք յաղթանակ տօնած է նաեւ Տիգրան Պետրոսեանը, որ առաւելութիւն արձանագրած է Նիյազ Մուրշետի դէմ: