ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- Գիւմ-րիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի որդիին՝ Սպարտակ Ղուկասեանին դէմ դատ բացուած է՝ Գիւմրիի մէջ ծեծ, խոշտանգում ու կրակոցներ կատարած ըլլալու յանցանքով՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 258 յօդուածի (խուլիկանութիւն) 4րդ ու 235 յօդուածի առաջին մասերու հիմամբ (Ապօրինի զէնք, զինամթերք ձեռք բերելը, պահելը, կրելը): Շիրակի մարզի առաջին ատեանի դատարանի որոշումով ան կը հետապնդուի։
Նոյն դէպքի կապակցութեամբ, Երեքշաբթի օր ձերբակալուած է Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի անվտանգութիւնը ապահովող անձերէն մէկը Յարութիւն Համբարեանը:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոսի 24ին, Գիւմրիի սրճարաններէն մէկուն մէջ խումբ մը մարդիկ, կոպիտ կերպով խախտելով հասարակական կարգն ու բացայայտ անյարգալից վերաբերմունք դրսեւորելով հասարակութեան նկատմամբ, վիճաբանութիւն հրահրած եւ ծեծկռտուք սկսած էին, որու ընթացքին նաեւ հնչած էին կրակոցներ: