«Արմէնփրէս», «Ազդակ».- Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»ի թղթակիցին կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, իրականութեան չեն համապատասխաներ 29 Օգոստոսին շրջան ըրած այն լուրերը, որուն համաձայն, Դամասկոսի արուարձաններէն Զամալքայի մէջ տեղի ունեցած ոճիրի մը զոհը գացած է հայ ընտանիք մը։ Դամասկոսահայ շրջանակներ հետապնդեցին այս հարցը, որպէսզի ստուգեն լուրերուն ճշգրտութիւնը. ի յայտ եկաւ, որ Զամալքայի մէջ հայեր չեն ապրիր, ուստի 6 հայերէ բաղկացած հայ ընտանիքի մը սպանութեան մասին լուրը ապատեղեկատուութիւն է։
Թղթակիցը նաեւ յայտնեց, որ Երեքշաբթի գիշեր մայրաքաղաքի արեւելեան արուարձաններէն Ժոպարի մէջ զինեալ խմբաւորումներ իշխանամէտ քաղաքացիներով բնակուած շէնքերու վրայ յարձակում գործած են, սպաննուած են քանի մը տասնեակ անձեր, որոնց կարգին Մաթոսեան ընտանիքի երեք անդամներ, որոնց դիակները շրջափակուած այդ տարածքէն դուրս բերելու բոլոր փորձերը ձախողած են։
Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ հալէպահայերէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, մահացած է Մեսրոպ Չինչինեան, որ Հալէպի Սապաա Պահրաթ թաղամասին մէջ գտնուող իր գրասենեակին մէջ, շուրջ երկու շաբաթ առաջ, ծանրօրէն վիրաւորուած էր։ Թէեւ կարելի եղած էր զայն հիւանդանոց փոխադրեց եւ վիրահատութեան ենթարկել, սակայն բժիշկները չեն յաջողած անոր կեանքը փրկել: 30 Օգոստոսին տեղի ունեցած է անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Սուրիական զինուած ուժերը կը շարունակեն Դամասկոսի Զամալքա արուարձանին մէջ հետապնդել զինեալ խմբաւորումները: Բախումներուն ընթացքին արձանագրուած են զոհեր ու վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ գրաւուած է մեծ քանակութեամբ զինամթերք, որոնց կարգին՝ իսրայէլական արտադրութեան նռնակներ: