
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Այս տարուան Յուլիսին webometrics.info կայքէջին հրապարակած վարկանշային ցանկին մէջ Երեւանի պետական համալսարանը Հարաւային Կովկասի համալսարաններուն շարքին գլխաւոր դիրքը կը գրաւէ։ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, աշխարհի շուրջ 20 հազար 700 համալսարաններու վարկանշային ցանկին մէջ ԵՊՀն մտած է լաւագոյն 10 տոկոսին մէջ՝ գրաւելով 2050րդ տեղը: Հայաստանի մէջ գործող համալսարաններէն տուեալ ցանկին մէջ երկրորդն է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը՝ 2827րդ դիրքին վրայ: Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի համալսարաններու վարկանշային առանձին ցանկին մէջ ԵՊՀն կը գրաւէ 175րդ դիրքը: Վրաստանի լաւագոյն համալսարանը Ճաւճաւաձէի անուան լեզուներու եւ մշակոյթի պետական համալսարանն է, որ 2537րդ դիրքին վրայ է: Ցանկին մէջ Ատրպէյճանի լաւագոյն համալսարանը «Կովկաս»ն է, որ կը գրաւէ 5814րդ դիրքը: