ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ
Անցեալ Ուրբաթ օրուընէ ի վեր, Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման գայթակղութիւնը աշխարհով մէկ ոտքի հանած է համայն հայութիւնը, որ իր ընդվզումը կ՛արտայատէ հրապարակային ցոյցերով, համացանցային նամակարշաւներով ու բողոքագիրներով, ինչպէս նաեւ քաղաքական կառոյցներու միջանցնքերուն մէջ տարուող յարաբերական աշխատանքներով:
Բաւարա՞ր է տարուած աշխատանքը: Կասկած չկայ որ շատ աւելին պէտք է ընենք:
Մեր բողոքի ձայնին անսալով Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեցին Պուտափեշտի ամօթալի արտայանձնումը Սաֆարովին եւ՝ Պաքուի կողմէ անոր շնորհուած ներումը: ԵԱՀԿը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչներու Տան բազմաթիւ անդամներ իրենք ալ իրենց ձայնը բարձրացուցին այս դատապարտելի իրադարձութեան հանդէպ:
Հիմա կը սպասենք, որ անոնք իրենց խօսքը գործի վերածեն:
Այսօր, Սաֆարով, զղջումի նուազագոյն զգացումէն իսկ զուրկ յանցագործը, իր անմարդկային ոճիրին համար կը պատուըւի Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ՝ կացինահարած ըլլալուն համար Գուրգէն Մարգարեանը՝ պարզապէս անոր հայ ըլլալուն պատճառով:
Հայատեացութեամբ տոգորուած Ալիեւը, ի՛նք անարգօրէն յայտարարած է, որ «մեր գլխաւոր թշնամիները ամբողջ աշխարհի հայերն են»:
Օգնեցէք մեզի դիմագրաւելու Ալիեւի սպառնալիքները, ամերիկեան դատապարտանքի խօսքերը գործի վերածելու՝ կասեցնելու Ատրպէյճանին տր-ուող ռազմական օժանդակութիւնն ու զէնքերու վաճառքը:
Այսօր իսկ ձեր պահանջները արտայայտեցէք՝ հեռաձայնելով ու գրելով Քոնկրեսի ներկայացուցիչներուն:
Ամերիկացի տրատուներու դրամը երբեք պէտք չէ օգտագործուի Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները ֆինանսաւորելու, ամերիկեան զէնքերը երբեք պէտք չէ գործածուին հայերու դէմ յարձակումներ իրագործելու:
ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէնն է եւ կը ղեկավարէ Ուաշինկթընի գրասենեակը:
Յ.Գ. Եթէ որեւէ թելադրանք կամ առաջարկ ունիք, թէ ինչպէս կրնանք դիմագրաւել այս գայթակղութիւնը եւ ինչպէս կրնանք ծառայել մեր համայնքին ու մեր դատին, խնդրեմ գրեցէք ինծի aram@anca.org հասցէով, կամ հեռաձայնեցէք (202) 775-1918 թիւին.