ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանի, Շաբաթ, Օգոստոս 18ին ներկայ գտնուեցաւ Կլենտէյլի մէջ գործող «Նարեկ» շաբաթօրեայ դպրոցի աւարտական դասարանի հանդէսին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ վկայականներու եւ շքանշաններու բաշխում եւ պատուոյ գիրերու յանձնում:
Առաջնորդը իր օրհնութեան եւ գնահատութեան խօսքը ուղղեց տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին, կազմակերպիչներուն եւ ողջունեց դպրոցի աշակերտութեան արձանագրած փայլուն յաջողութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.