
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կովկասի մէջ վերջերս տեղի ունեցած շարք մը իրադարձութիւններ շրջանին մէջ լարուածութիւնը աւելի եւս սրած են. այսպէս գրած է «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը՝ ակնարկելով յատկապէս հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման՝ Հունգարիայէն Ատրպէյճանի:
Թերթը կը շեշտէ, որ բացի արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան պարզագոյն սկզբունքներուն հակասելուն, Սաֆարովը ազատ արձակելու քայլը նաեւ վտանգաւոր ուղերձ է ամբողջ աշխարհին, թէ՝ Պաքուի համար հայերու սպանութիւնը ընդունելի երեւոյթ է: Թերթը կ՛ընդգծէ, որ այս իրադարձութիւնը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վրայ:
Հեղինակաւոր թերթը նաեւ մէկ այլ՝ աւելի աննշան դէպքի մը անդրադարձած է՝ գրելով. «Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար ծաղկեպսակ դրած է Հայտար Ալիեւի յուշարձանին եւ, ինչպէս լուսանկարները յստակօրէն ցոյց կու տան, գլուխ խոնարհեցուցած է յուշարձանին առջեւ: Սակայն, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը հերքած է այս իրողութիւնը»: Ըստ թերթին՝ դեսպանին այս քայլը կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ բռնապետութիւններուն նեցուկ կանգնելու քայլ, ինչպէս նաեւ պատգամ մը՝ ուղղուած Հայաստանին եւ անոր դաշնակից Ռուսիոյ, թէ՝ Ամերիկայի համար աւելի կարեւոր են Կասպեան քարիւղը, քան մարդկային իրաւունքներն ու ժողովրդավարական սկզբունքները: