ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20ամեակին առիթով, Երեւանի պետական համալսարանի գրադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ 20-21րդ դարու ամերիկացի գրողներու գիրքերու ցուցահանդէսին։ ԵՊՀի նախագահ Արամ Սիմոնեան նշեց, որ 12 Սեպտեմբերը համալսարանին համար կարեւոր օր է նաեւ այն առումով, որ 12 Սեպտեմբերին առաջին տարուան ուսանողները կատարեցին իրենց երդման արարողութիւնը:
Սիմոնեան յայտնեց, որ «Երեւանը՝ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան օժանդակութեամբ կարելի եղած է կայացնել այս ցուցահանդէսը։ Ան նշեց, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած գրականութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ յատկապէս ԵՊՀ ռոմանագերմանական գրականութեան ուսանողներուն համար:
Համալսարանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնին՝ ցուցահանդէսի կայացման աջակցելուն համար, եւ յոյս յայտնեց, որ կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառին մէջ ԵՊՀի եւ դեսպանատան համագործակցութիւնը շարունակական կ՛ըլլայ:
«Շատ ուրախ եմ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ գտնուելուս համար եւ կը շնորհաւորեմ առաջին դասարանի ուսանողներու երդման արարաղութիւնը: Կը շնորհաւորեմ նաեւ Երեւանը՝ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով», նշած է Ճոն Հեֆըրն: Անոր համաձայն՝ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կը փորձէ ամրապնդել Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը՝ հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ: Դեսպանը շեշտեց, որ Երեւանի պետական համալսարանի ողջ անձնակազմը կարեւոր գործընկեր կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20ամեակին նուիրուած 40 պաստառներ, նաեւ՝ 20-21րդ դարու ամերիկացի 110 գրողներու նոյնքան աշխատանքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.