ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին Հայաստանի Ազգային ժողովը պիտի մասնակցի ութ հոգինոց պատուիրակութեամբ: Վկայակոչելով խորհրդարանի պաշտօնական կայքէջը՝ «Արմէնփրէս» դիտել կու տայ, որ պատուիրակութեան ղեկավարն է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Յարութիւնեան: Պատուիրակութեան հիմնական անդամներն են Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանը, Հայ Ագզային Կոնգրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանը եւ Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւոր Արփինէ Յովհաննիսեանը:
ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան փոխարինող անդամներն են Վահէ Յովհաննիսեան (ԲՀԿ), Հերմինէ Նաղդալեան (ՀՀԿ), Արմէն Ռուստամեան (ՀՅԴ), Զարուհի Փոստանջեան (Ժառանգութիւն):
Նշենք, որ ԵԽԽՎ աշնանային նստաշրջանը պիտի սկսի 1 Հոկտեմբերին, Սթրազպուրկի մէջ, եւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը հոն պիտի պահանջէ քննել ատրպէյճանցի ոճրագործը ազատ արձակելու Պաքուի որոշումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.