
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան 12 Սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն զուգահեռ անհրաժեշտ է նաեւ Արցախի ճանաչման գործընթացին նախաձեռնել: Ան դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը վաղուց օրակարգի վրայ դրուած է, թէեւ պէտք չէ յուսահատիլ նաեւ բանակցութիւններու ճամբով հարցին լուծում գտնելէ:
Անոր համաձայն՝ Հայաստան այս գծով քայլեր առնելու իմաստով որոշ չափով կը յամենայ, քանի որ չ՛ուզեր նման քայլի մը միակ հեղինակ ըլլալ՝ այն մտավախութեամբ, որ կրնայ վնասել գործընթացին: «Ես գտնում եմ, որ այդպէս չէ, ամէն ինչ կախուած է խնդրի ձեւակերպումից, սակայն ես կողմ չեմ, որ Հայաստանը ճանաչի ինքիշխան պետութիւն միանգամեայ աքթով: ԼՂՀ ճանաչումը կարող է իրականացուել բազմափուլ ընթացակարգով», դիտել տուած է Արման Մելիքեան:
Արման Մելիքեանի համաձայն՝ Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմ սկսելու հաւանականութիւնը 50/50 է: «Ելնելով այսօրուայ իրողութիւններից՝ ես կարծում եմ, որ պատերազմ կարող է ծագել միայն տարածաշրջանային համատեքստում՝ այսինքն Մերձաւոր Արեւելքում», ըսած է ան: