ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հետազօտական աղբիւրներու կովկասեան կեդրոններուն հրապարակած 2011 թուականի ընտրանքային 8րդ հարցախոյզին համաձայն՝ հարաւկովկասեան երկիրներուն մէջ հանրութիւնը յուզող ու մտահոգող հիմնական հարցերը կը շարունակեն մնալ տնտեսական խնդիրները:
Հետազօտական աղբիւրներու կովկասեան կեդրոններու շարքին հայաստանեան կեդրոնի տնօրէն Հեղինէ Մանասեանի համաձայն՝ Հայաստանի մէջ հարցախոյզի մասնակիցներուն հիմնական մասը մեծապէս մտահոգ է անգործութեամբ եւ աղքատութեամբ:
Ատրպէյճանի մէջ հարցախոյզի մասնակիցները գերակայ կը նկատեն նախ տարածքային ամբողջականութիւնը, ապա՝ անգործութիւնը:
Վրաստանի մէջ անգործութիւնը ամէնէն մտահոգիչ հարցը նկատած է մասնակիցներուն 55 տոկոսը, իսկ տարածքային ամբողջականութիւնը՝ 12 տոկոսը:
«Ղարաբաղեան հիմնախնդիրների կարգաւորման մասին մենք այս տարի առաջին անգամ էինք հարց ուղղում, եւ այն հարցին, թէ ե՞րբ կը լուծուի ԼՂ խնդիրը՝ «երբե՛ք» կամ «չգիտե՛մ» են պատասխանել Հայաստանում հարցուածների 62, իսկ Ատրպէյճանում՝ 44 տոկոսը: Վրաստանի հարցուողներին նման հարց չի տրուել», ըսաւ Մանասեան։ Անոր համաձայն՝ հարաւկովկասեան երկիրներուն մէջ գաղթելու տրամադրութիւնը մի՛շտ տիրապետող է։
Հետազօտական աղբիւրներու կովկասեան կեդրոններուն հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ երջանկութեան միջին մակարդակը Հայաստանի մէջ կազմած է 6.6 աստիճան, Ատրպէյճանի մէջ՝ 6.1, իսկ Վրաստանի մէջ եղած է 6.9՝ 10 աստիճաններէ կազմուած ցուցակին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.