ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի նախագահի մնայուն ներկայացուցիչ Վիկտոր Դալլաքեան 10 Սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի փոխղեկավար։
«Միացեալ նահանգներում, Եւրոպական երկրներում նախագահի մշտական ներկայացուցիչը նաեւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալն է», յայտնեց Դալլաքեանը: Ան դիտել տուաւ, որ իր աշխատանքը պիտի ըլլայ ներկայացնել հանրապետութեան նախագահին տեսակէտները Ազգային ժողովին մէջ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ պատգամաւորներու օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն եզրակացութիւնները համակարգել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.