ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 11 Սեպտեմբերին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, 2004-2006 թուականներուն Պուտափեշթի մէջ ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի դատավարութեան ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Հայկ Դեմոյեանը յայտնած է. «Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկնայանցագործ է. ներում շնորհելով մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին՝ նա խախտել է ոչ միայն Ատրպէյճանի օրէնսդրութիւնը, այլ նաեւ ներում է շնորհել ռազմական յանցագործին, ով բացայայտել է ռազմական գաղտնիք»:
Դեմոյեան նշած է, որ Ռ. Սաֆարով խոստովանութիւն կատարած ատեն յայտարարած էր, թէ ինք տարբեր գործիքներով, որոնց կարգին՝ կացինով, մարդ սպաննել սորված է Հիւսիսային Կիպրոսի տարածքին գտնուող թրքական ռազմական խարիսխին մէջ, այդպիսով բացայայտելով թուրք-ատրպէյճանական ռազմական համագործակցութեան ամէնէն նուրբ տարրի մասին։ Սաֆարով փաստօրէն խայտառակած է իր երկիրը, ժողովուրդն ու բանակը։
«Սա աննախադէպ տեղեկութիւն է եւ կարեւոր է մեզ համար քարոզչութեան տեսանկիւնից», ընդգծած է Դեմոյեան, ապա նշած, որ այս հարցին մասին պէտք է բարձրաձայնել նաեւ ՆԱԹՕի մէջ, քանի որ ՆԱԹՕի անդամ երկիր չեղող Ատրպէյճանի զինուորները ռազմական պատրաստուածութեան կը հետեւին ՆԱԹՕի անդամ երկիրի մը կողմէ անօրինական կերպով բռնագրաւուած ռազմական խարիսխին մէջ։
Դեմոյեան դիտել տուած է, որ պէտք է ՄԱԿի մէջ բարձրացուի Ատրպէյճանի լիազօրութիւններու կասեցման հարցը՝ իբրեւ Ապահովական խորհուրդի անդամ. Եւրոպական խորհրդարանին մէջ պէտք է բարձրացուի համահայկականութիւնը, զոր պէտք է դիտել իբրեւ յանցագործութիւն, որպէսզի յետայսու ոեւէ հայու դէմ կատարուած յանցագործութիւն՝ ըլլայ հռետորաբանութիւն կամ ֆիզիքական արարք, նկատուի դատապարտելի։
«Իսկ Ալիեւն իր տխրահռչակ, տգէտ որոշմամբ հնարաւորութիւն է տուել հայկական կողմին քարոզչական դաշտում ջախջախել Ատրպէյճանին», նշած է թանգարանին տնօրէնը՝ ընդգծելով, որ հայկական կողմը պէտք է օգտուի Ալիեւի ընձեռած ոսկի առիթէն ու ձեռնարկէ այնպիսի պատժիչ քայլի, որուն ազդեցութիւնը պէտք է «աւելի հուժկու լինի, քան արտայանձման ոգեւորութիւնը»:
Հայկ Դեմոյեան նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանի քայլը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին վրայ իր ազդեցութիւնն ունեցած է. հայկական կողմի դիրքորոշումը աւելի բիրտ դարձած է, ու ազդարարուած է փոխզիջումներ կատարելու քննարկումներու աւարտը. «Ո՞ւմ հետ գնալ փոխզիջման, ո՞վ է դիմացդ կանգնած», աւելցուցած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.