
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան այցելած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընկերակցութեամբ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12ին այցելած է հայկական եկեղեցի մը, Ատրպէյճանի հիւսիսարեւմուտքը գտնուող ամենամեծ քաղաքին՝ Շաքիի մէջ, որ մինչեւ 1968 կը կոչուէր Նուխի:
Նուխիի բնակչութեան մեծամասնութիւնը մինչեւ 1918 հայերէ կազմուած էր եւ հոն կան երկու հայկական, մէկ ռուսական եկեղեցիներ եւ մէկ մզկիթ: Որպէսզի Էրտողանին ցոյց չտայ Ատրպէյճանի անկախացումէն ետք հայկական եկեղեցիներու անմխիթար վիճակը, Ալիեւ ատրպէյճանցիներու «լայնախոհութիւնը» ցուցադրելու համար Էրտողանին տարած ու ցոյց տուած է նորվեկիական հիմնարկի մը նիւթական աջակցութեամբ 2005ին վերանորոգուած Նուշի մօտակայ Քիշ գիւղի հայկական եկեղեցին՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ «աղուանական» եկեղեցի:
Այդ եկեղեցին զուտ հայկական է՝ իր ճարտարապետութեամբ եւ ոճով: Մինչեւ 2005, եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ հայկական տառերով գրութիւններ պահպանուած էին, սակայն վերանորոգութեան ընթացքին գրութիւնները տաշուած ու հանուած են: