«Երիտասարդական հայեացք»ը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական գրասենեակի ելեկտրոնային հրատարակութիւնն է։ Անոր նպատակն է արծարծել ազգային, գաղափարաքաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական հարցերու առնչուող ճանաչողական նիւթեր, բնականաբար՝ մնայուն ուշադրութեան կեդրոն դարձնելով Հայաստանն ու հայութիւնը: Անոր նպատակն է նաեւ արտացոլացնել Երիտասարդական գրասենեակի գործունէութիւնը:
«Երիտասարդական հայեացք»ը պիտի հրատարակուի պարբերաբար: Անոր առաջին թիւը (www.ayf.am/images/Youth_View_No.1.pdf) նուիրուած է Դաշնակցութեան Երիտասարդականի արտաքին-յարաբերական աշխատանքներուն: Հոն կ՛արծարծուին հետեւեալ հարցերը.
Ի՞նչ միջազգային երիտասարդական կազմակերպութիւններու անդամ է ՀՅԴ Երիտասարդականը. որո՞նք են ՀՅԴ Երիտասարդականի արտաքին-յարաբերական աշխատանքներու նպատակները. ի՞նչ աշխատանքներ կատարուած են այդ առնչութեամբ…:
Դաշնակցութեան Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը այս առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշէ. «Երիտասարդական հայեացք»ի կապակցութեամբ ուրախ կը լինենք լսել ձեր տեսակէտներն ու առաջարկները: Դրանք կարող էք ուղարկել Երիտասարդական գրասենեակ՝ ayf@arf.am ելեկտրոնային փոստի հասցէով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.