Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Տոնեցքի «Շախտէօր»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան ՈՒԵՖԱի՝ Ֆութպոլի համաշխարհային ֆետերասիոնի տարեգիրքին մէջ նկատուած է 100 լաւագոյն ֆութպոլ խաղացողներէն մէկը: Նոր գիրք մը հրատարակուած է՝ նուիրուած 2011-2012ի մրցաշրջանին, որուն մէջ տեղ գտած են ՈՒԵՖԱի անդամ 53 երկիրներու ֆութպոլի վերաբերող ամէնէն նշանակալից իրադարձութիւնները: Իսկ ամէնէն հետաքրքրական բաժինը նուիրուած է լաւագոյն 100 ֆութպոլ խաղացողներուն, որոնց կարգին է հայ մարզիկը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.