
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է «Պատկերազարդ տօնացոյց» եւ Անտրէ Ժիտի «Հովուերգական սիմֆոնիան» գիրքերը:
«Պատկերազարդ տօնացոյց»ի ստեղծման համար հիմք ծառայած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի «Շողակաթ» պատկերասփիւռի կայանին «Մանուկների Աստուածաշուն»չ հաղորդաշարը: Գիրքին օգնութեամբ մանուկները կրնան տեղեկանալ եկեղեցական տարբեր տօներու, բարեպաշտ սովորութիւններու, ինչպէս նաեւ եկեղեցական տօներուն առնչուող ժողովրդական աւանդութիւններուն մասին: Աշխատութեան մէջ օգտագործուած են պատկերներ, որոնց նախատիպերը ստեղծուած են հարիւրաւոր տարիներ առաջ հայոց վանքերուն, գրչութեան կեդրոններուն մէջ՝ նկարազարդող մանրանկարիչներու ձեռքով: Վերահրատարակուած տօնացոյցին մէջ նաեւ աւելցած են հայ եկեղեցւոյ շարժական տօներու ցանկը՝ մինչեւ 2021։
19րդ դարու աւարտին տասնամեակի եւ քսաներորդ դարու առաջին կիսու ֆրանսացի մեծանուն գրող Անտրէ Ժիտի «Հովուերգական սիմֆոնիան» վէպը ֆրանսերէնէ թարգմանած է Պարգեւ Շահբազեան: Այս աշխատութեան հրատարակութիւնը հովանաւորած է Եզնիկ արք. Պետրոսեան: