ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 13 Սեպտեմբերին ընդունած է հանրայայտ ռոք երաժիշտներ Դերեկ Շիրինեանն ու Գլեն Հիւզը: Նախագահը ողջունած է երաժիշտներուն համերգի կայացումը Արցախի մէջ՝ նշելով, որ անիկա կը նպաստէ հանրապետութեան մշակութային կեանքի աշխուժացման: Հանդիպումին մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նարինէ Աղաբալեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.