ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ ազատ արձակուած թուրք քաղաքացիին հետ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12ին Թուրքիա մեկնած էր, շարք մը հանդիպումներ ունենալէ ետք Պէյրութ վերադարձաւ նոյն օրը երեկոյեան:
Շարպել անմիջապէս հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որուն փոխանցեց Անգարայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, որոնք կը վերաբերէին Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի քաղաքացիներու ազատ արձակման:
Հանդիպումէն ետք, Շարպել յայտնեց, որ շատ լաւատես է՝ աւելցնելով, որ թրքական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն առեւանգուած լիբանանցիներուն, որոնց մէջ նաեւ՝ Հասսան Մըքտատի վերադարձը ապահովելու նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.