ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Խորհրդարանական բոլոր խմ-բակցութիւնները համակարծիք են այն մասին, որ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ընդունուած բանաձեւը՝ Ռամիլ Սաֆարովը ազատ արձակելու վերաբերեալ, դրական քայլ է:
Ըստ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի, այս մէկը ցարդ տեղի ունեցածներուն հետ բաղդատելով՝ բաւական դրական յառաջընթաց է։ «Սրա ընդգրկունութիւնը՝ միւսների համեմատ, աւելի մեծ է, ու դրանով իսկ բոլոր նախորդից մէկ աստիճան բարձր է, չնայած այստեղ էլ կայ համահարթեցման, հաւասարեցման նոյն եղանակը», ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Գալուստ Սահակեանը կը փափաքէր, որ ընդունուէին այնպիսի որոշումներ, որոնց պիտի յաջորդէին գործնական ու շօշափելի քայլեր։
Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան ներկայացուցիչ Վահէ Յովհաննիսեանի համաձայն, մինչեւ հիմա հնչած յայտարարութիւնները գոհացուցիչ չէին. հիմա կարելի է յուսալ, որ միջազգային հանրութեան կեցուածքները աւելի սուր պիտի ըլլան:
«Եւրոխորհրդարանի այս վերջին բանաձեւն այդ բանաձեւերից մէկն է, եւ կարելի է ակնկալել, որ նման բանաձեւեր կ՛ընդունուեն նաեւ յառաջիկայում, այլ միջազգային կառոյցների կողմից», նշած է ան։
Օրինաց Երկիր կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Բիշարեանի համաձայն, Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւը հիմնաքար է, որ պիտի օժանդակէ հարցը քննարկելու այլ կառոյցներու մէջ եւս. Արամ Մանուկեան բանաձեւը կը նկատէ բնական, իսկ Ժառանգութիւն կուսակցութենէն Ռուբէն Յակոբեան նշած է, որ անիկա յօգուտ Հայաստանի է:
«Ես ծանօթ եմ եղել նախնական տարբերակին, բաւական փոփոխութիւններ են եղել այնտեղ, եւ ես սա լուրջ յաջողութիւն եմ համարում», նշած է Յակոբեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.