ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երէկ «Ասպարէզ» հրապարակեց Հայաստանի մէջ «Օգնիր եղբօրդ» կարգախօսով ճամբայ ելած նախաձեռնութեան մասին տեղեկատուութիւնը: Ժամանակին տեղեկագրած էինք, թէ ինչպէ՛ս արցախցիք պատրաստակամութիւն յայտնած էին իրենց բնակարանները անվճառ տրամադրելու Սուրիայէն գաղթած հայ ազգակիցներուն:
Ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ պետական մակարդակի օժանդակութեան կողքին (բաւարար թէ անբաւարար, այդ օժանդակութիւնը յստակօրէն կա՛յ), ահա ժողովուրդը ի՛նք կը շարժի ու սուրիահայ ազգակիցներուն ձեռք երկարելու, անոնց օգնութիւն հասցնելու նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ:
«Անտարբեր լինելու իրաւունք չունենք», կը յայտարարեն «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան մասնակիցները՝ շեշտելով, որ «երկարող եղբայրասպան հակամարտութեան ողբերգական ազդեցութիւնն ակնյայտ է Սիրիայի ամբողջ ժողովրդի, այդ թւում նաեւ՝ մեր ազգակիցների համար:
«Անտարբեր լինելու իրաւունք չունենք: Պահն է, երբ ողջ հայութիւնը պէտք է մէկ անգամ եւս ցոյց տայ իր միասնականութիւնը՝ օգնութեան ձեռք մեկնելով ինչպէս սիրիահայ, այնպէս էլ Սիրիայի կարիքաւոր ընտանիքներին», կ՛ըսէ նախաձեռնութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը՝ աւելցնելով.
«Սիրելի՛ հայրենակից, համոզուած ենք, որ «Օգնիր եղբօրդ» կարգախօսն՝ անկախ գաղափարական ու աշխարհագրական սահմաններից, կը միաւորի այն բոլոր հայորդիներին, Հայաստանի Հանրապետութիւնում, Լեռնային Ղարաբաղում եւ ի սփիւռս աշխարհի, ով անտարբեր չէ Սիրիայում բնակուող իր արիւնակցի, իր եղբօր ճակատագրով, ում համար թանկ է մեր համայնքի կենսունակութիւնը, ով հաւատում է համահայկական ներուժի զօրութեանն ու մասնակից է համազգային յանձնառութիւններին:
«Օգնի՛ր եղբօրդ, քո նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը բե՛ր այս կարգախօսով իրականացուող ծրագրերին ու նախաձեռնութիւններին: Մենք կենսունակ ենք ու հզօր, երբ միասին ենք, երբ մէկ ենք:
«Օգնի՜ր եղբօրդ»:
Մենք ալ այստեղ կրնանք որդեգրել այս կարգախօսը՝ զայն քիչ մը խմբագրելով, ու կոչ ուղղել մեր համայնքի զաւակներուն, որ օգնեն սուրիահայ իրենց հարազատներուն, մասնակցին համագաղութային մարմինի հանգանակութեան:
Այստեղ կը թուի, թէ տակաւին հող կը պատրաստուի հետագայ հանգանակային արշաւի մը: Յանձնախումբը կ՛աշխատի, քարոզչական գործ կը կատարէ՝ մթնոլորտ ստեղծելու: Մեր վատ սովորութեամբ կը սպասենք յատուկ ձեռնարկներու, որպէսզի մեր բաժինը տանք հանգանակող յանձնախումբին: Դժբախտաբար, միայն կոչերու ընդառաջողներուն թիւը ընդհանրապէս քիչ կ՛ըլլայ: Անհրաժեշտ է հանգանակային տարբեր մակարդակի ձեռնարկներ կազմակերպել, հաւաքել մարդիկ, դիմել իրենց, շարժել զիրենք, որպէսզի շօշափելի գումարներ հաւաքուին:
Օգնե՜նք մեր հարազատներուն: Անտարբեր չմնանք: