ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7ին իրենց վերահսկիչ ուսուցիչներու գլխաւորութեամբ, առաջնորդարան ժամանեցին Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի, Հոլիվուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վաժարանի եւ Փասատինայի ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի 9-12րդ դասարաններէն աշակերտներ եւ հայերէն առաջին գիրքի տպագրութեան 500ամեակի յանձնախումբի անդամներուն կողմէ սիրալիր կերպով դիմաւորուելով՝ առաջնորդուեցան դէպի «Զօրայեան» թանգարանի սրահը:
Հայերէն առաջին գիրքի տպագրութեան 500ամեակի առթիւ, 39 ուսանողներ շարադրութիւն գրելով յանձնեցին յանձնախումբին: Անոնցմէ առաջին երեքը պիտի ստանան խրախուսական մրցանակներ եւ իրենց շարադրութիւնները պիտի տպուին 500ամեակի առթիւ հրատարակելի գիրքին մէջ: Իսկ մնացեալ աշակերտներու շարադրութիւններէն մէկական հատուած պիտի հրատարակուին նոյն գիրքին մէջ:
500ամեակի յանձնախումբի անդամներէն ներկայ էին Հայկ Մատոյեան (ատենապետ), դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Հրաչ Սեփեթճեան եւ Վահէ Սարգսեան:
Անահիտ Նասոյեան կը ներկայացնէր Արշակ Տիգրանեան վարժարանը եւ Հրայր Ասիլեան կը ներկայացնէր ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանը: Հրաչ Սեփեթճեան, յանձնախումբի անդամ ըլլալով հանդերձ, կը ներկայացնէր նաեւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանը:
Շարադրութիւններու աւարտին, ուսանողները հիւրասիրուեցան առաջնորդարանին կողմէ, ապա ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց վարժարանները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.