
ՕՔԼԸՆՏ.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8ի երեկոյեան, աւելի քան 200 հիւրեր համախմբուեցան Օքլընտի Սուրբ Վարդան Հայց. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հայ կանանց իրագործումները տօնախմբելու համար, Հայ կանանց միջազգային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի կազմակերպած հաւաքին ընթացքին:
Սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Յովէլ քհնյ. Օհանեան, որ նաեւ ընթերցեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութեան եւ շնորհաւորական պատգամը՝ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ նոր հաստատուած մասնաճիւղին ուղղուած:
Երեկոյի հանդիսավարն էր Սան Ֆրանսիսքօ շրջանի «KTVU» պատկերասփիւռի կայանի լուրերու գլխաւոր հաղորդող Կասիա Միքայէլեան: Ապա, զանազան բանախօսներ ներկայացուցին հայ կանանց իրագործումները, անցեալին եւ ներկայիս:
Սոյն ձեռնարկին, Լոս Անճելըսի շրջանէն մասնակցեցան Էլիզապէթ Աղպապեան, Ֆլորա Տունայեանց, Հերմինէ Ճանոյեան եւ Սավի Թիւֆէնքեան: Երեկոն խանդավառուեցաւ երաժշտութեամբ եւ հաճելի երգերով:
Հայ կանանց միջազգային միութեան եւ անոր տարբեր մասնաճիւղներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելել
www.aiwainternational.org կայքը: