
Ընդհանրացնելով կրնանք ըսել, թէ տարեկան դաշտագնացութիւնը Չորք Մարզպան հայրենակցական միութեան ամէնէն ժողովրդական ձեռնարկն է, որուն ներկայ կը գտնուին ամէնէն երեցէն մինչեւ ամէնէն փոքրը: Այլեւս աւանդական դաձած տարեկան այս «փիքնիք»ին ոչ միայն կը վերանորոգուին հայրենակցական կապերը, այլ նաեւ հին բարեկամութիւններրը, առիթ ստեղծելով նաեւ հաստատելու նոր ծանօթութիւններ:
Կիրակի, Սեպտեմբեր 2ին տեղի ունեցաւ միութեան տարեկան պարտիզագնացութիւնը, «Լա Քրեսնթա Վելի» զբօսայգիին մէջ, որ առատ ծառերու հովանիին տակ ընդարձակ դաշտ մըն է:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, ներկայ են արդէն վարչական անդամ-անդամուհիները, որոնք կը յարդարեն սեղանները ու խոհանոցային պատրաստութիւններ կը տեսնեն: Ժամը 10էն սկսեալ, խումբ-խումբ, իրենց ընտանիքի անդամներով, ազգականներով, բարեկամներով կը սկսին ժամանելու պարտիզագնացները: Կէսօրուան մօտ արդէն աշխուժութիւն կը տիրէ շուրջ բոլորը. փորքերու ճռուողիւններով կը լեցուի շրջապատը:
Յետմիջօրէին, ժամը 1էն սկսեալ, «Ռաֆֆի Քէյթըրինկ»ի անձնակամզը կը սկսի մատուցումը տաք խորովածներուն: Սեղանները առատ են լրացուցիչ ուտելիքներով, պտուղներով եւ անուշեղէնով: Բարձրաձայն զրոյցները կ՛ամբողջացնեն մթնոլորտին շէնութիւնը: Հերթաբար, երիտասարդնեերը կը հրամցնեն օշարականներ ու մանաւանդ՝ հայկական սուրճ, որ երրորդ տարին ըլլալով, կը պատրաստուի Արշալոյս Շաքլեանի կողմէ:
Քիչ վերջ, լարուած «ճամփըր»ին մէջ կը սկսին խաղալ փոքրիկները, ապա հետքրքրութիւն կը ստեղծէ «փինիաթա»ն, որուն շուրջ հաւաքուած փոքրիկները իրենց գաւազաններու հարուածներով կը փորձեն անոր մէջ պահուան շաքարները դուրս բերել:
Զուգահեռաբար, ընթացք կ՛առնեն նաեւ նարտիի եւ պլոթի մրցաշարքերը, որոնցմէ առաջինին պարագային ախոյեան կը հռչակուի Գէորգ Աղուինեան, իսկ երկրորդին՝ Սիմոն Գրիգորեան եւ Սարգիս Մինասեան զոյգը, որոնք կ՛արժանանան բաժակներու:
Օրուան յայտագիրին մաս կը կազմէ նաեւ Լենա Գալայճեանի պատրաստութեամբ վիճակահանութիւնը եւ աւելի քան 10 բախտաւորներ նուէրներ կը շահին:
Չորք Մարզպան հայրենակցական միութեան այս դաշտագնացութեան ներկայ եղող տէր եւ տիկին Արտաւազդ եւ Լենա Գալայճեանները, յոյժ գնահատելով տարուած աշխատանքը, միութեան կը նուիրեն 2000 տոլար գումար մը:
Այսպէս, ներկաները օր մը ամբողջ վայլելեցին հանդարտ բնութիւնը: Վարձքը կատար վարչականներուն, որոնք ժրաջանօրէն եւ նուիրումով կազմակերպեցին օրուան ձեռնարկը, գործի լծելով նաեւ իրենց ընտանիքներուն երիտասարդ ուժերը:
(Թղթակցութիւնը՝ Չորք Մարզպան հայրենակցական միութենէն)