
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացման 20ամեակի փառաւոր տօնակատարութիւնները տարի մը առաջ գերազանցապէս քաղաքական ուղերձ փոխանցելու նպատակ ունէին, ռազմական նախահաշիւները անսահմանափակօրէն ուռճացնող Ատրպէյճանին. նաեւ՝ դարաւոր թշնամիին՝ Թուրքիոյ:
Հայոց բանակի կարողականութեան, ռազմարհեստագիտական գերեագեցուածութեան, մարտունակութեան, եւ ինչու չէ հարաւային Կովկասի մէջ անոր վայելած անգերազանցելիութեան համբաւի պահպանման բազմաթիւ ուղերձներ յաջողեցաւ փոխանցել 20ամեակին առիթով կազմակերպուած ռազմական շքերթը, որ անշուշտ ներքին առումով հպարտանքի համընդհանուր համոզում ամրագրեց բոլորին մօտ:
Հայրենիքի անվտանգութեան, պաշտպանողականութեան բարձր աստիճանաչափի այս ցուցադրութիւնը անհրաժեշտ գործողութիւն էր, որուն իրականցաման ընթացքին կազմակրպուածութեան բարձր մակարդակ նուաճեց հայոց պետականութիւնը: Այս՝ օրինաչափ երեւոյթ է, մանաւանդ նկատի ունենալով՝ մեր երկրի կիսապատերազմական իրավիճակը, ամէնօրեայ հրադադարի խախտումները, շրջափակուած ըլլալը, թրքական նախապայմանային քաղաքականութիւնը եւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը:
Արտաքին մարտահրաւէրները դիմակայելու ուղղութեամբ նման մակարդակի պատրաստուածութիւնը կը յուշէ, որ երկիրն ու ժողովուրդը ներքին առումով եւս միեւնոյն աշխատանքային կեդրոնացումն ու ռազմավարութիւնը կը պահանջեն: Սահմաններու պաշտպանողականութիւնը կ՛իմաստաւորուի, երբ այդ սահմաններէն ներս կ՛ապրի, կը ստեղծագործէ առողջ հասարակարգ՝ արժանապատիւ կեանքով:
Արդէն անցանք անկախ հանրապետութեան գոյառման եւ շարունակականութեան գոյապատճառի երկրորդ անբաժան ստորոգելիին՝ ազատութեան գաղափարին: Ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը կարելի չէ իրենց բացարձականութեան մէջ ընկալել առանց ազատութեան, որ ազգի զարգացման գործընթացին համար կենսական գաղափարախօսութիւն է, որ տեսութենէն անդին ամէնօրեայ կշռոյթով ինքզինք իբրեւ անհրաժեշտութիւն զգալի կը դարձնէ՝ օդի ու ջուրի նման:
Միայն ազատ քաղաքացին է, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւնը զգացող անհատն է, իր ազատ քուէին տէրը եղող մարդն է, որ ժողովրդավարացման եղելոյթին մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ՝ իր տեղեկացուածութեամբ, իրաւական պետութեան կայացման մեծ աշխատանքին մէջ իր ներդրումը բերած ըլլալու գոհունակութեամբ եւ այս բոլորով քաղաքացիական առողջ հասարակարգի առաջադրուած ձեւաւորման մէջ իր գործօն աջակցութիւնը ունեցողի համոզումով:
Ուրեմն, երկրի սահմանները պաշտպանելու գործին մէջ ցուցաբերուած կազմակերպուածութեան նշաձողի բարձրութեան համահաւասար ներքին կեանքի բարելաւման միտող բարձրորակ անյետաձգելի աշխատանքի իրականացման անհրաժեշտութեան առջեւ է հայոց պետականութիւնը:
Միայն արդար հասարակարգն է, արժանապատիւ կեանքն է, ընկերատնտեսական իրաւական համակարգն է, որ կրնայ դանդաղեցնել եթէ չենք ուզեր յաւակնոտ դառնալ եւ կասեցնել բառը օգտագործել- արտահոսքը: Իրաւամբ տարբեր առիթներու կը յայտարարուի, որ այսօր Հայաստանի հանրապետութեան թիւ մէկ խնդիրը ժողովրդագրական պատկերն է: Այդ գերխնդիրը դիմակայելու, համապատասխան լուծումներու ուղիներ ճշդելու հարկադարանքը աւելիով կը նեղէ ճիշդ հունով առաջնորդուելու ընտրանքը: Մանաւանդ, երբ տագնապահար գաղութներէն ճգնաժամային իրավիճակներու իբրեւ անմիջական հետեւանք դէպի հայրենիք կուղղուի՛ն շատերու քայլերը: Այստեղ ուրեմն ոչ միայն արտահոսքի դէմ պայքարելու առաջնահերթութեան մասին է խօսքը, այլ նաեւ ներհոսքի երեւոյթներուն դիմաց կացութեան տէր կանգնելու: Մանաւանդ, որ անհեռանկարային պատկերի առջեւ հետզհետէ կը կանգնին դասական Սփիւռքի կարեւորագոյն կռուանները:
Հայրենիքի անկախութիւնը համայն հայութեան տօնն է: Հայրենիքի խնդիրները համայն հայութեանն են: Անոնց լուծման ուղիներու որոնումն ու գործնականացումի համապատասխան միջոցներու դիմելը եւս համայն հայութեան պարտականութիւնն են: Համայն հայութեան մասնակցութիւնը ապահովելու համար անյետաձգելիօրէն անհրաժեշտ են իրաւական պետութիւնը, ընկերատնտեսական արդար համակարգը, ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրակարգը, տեղեկացուած ու ժողովրդավար հասարակարգը: Այլ խօսքով ազատ քաղաքացիի մը անհրաժեշտ ու նախապայմանային բոլոր դրոյթները:
Արտաքին մարտահրաւէրներու դիմաց ցոյց տրուող կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակին պէտք է հասցնել ներքին խնդիրները լուծելու աշխատելաեղանակը: Համա՛յն հայութան մասնակցութեամբ:
———————————————————
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ONNIG, KRISTINE & NAREG KESHISHIAN
———————————————————–