
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18ին կը գրէ, թէ դարձեա՛լ օրակարգի վրայ է բանավէճ մը՝ լրագրող եւ Ճեմալ փաշայի թոռնիկ Հասան Ճեմալի նորատիպ գիրքին պատճառով: Ճեմալ իր գիրքին մէջ այն տեսակէտը կը պաշտպանէ, թէ «Ճումհուրիյէթ» թերթի երկարամեայ խմբագրապետ եւ հրապարակագիր Իլհան Սելչուք կը թաքցնէր իր մօր հայ ըլլալուն իրողութիւնը:
Հասան Ճեմալի նորատիպ գիրքը, որ անցեալ շաբաթ հրապարակ հանուեցաւ, կը կրէ «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւն» խորագիրը։ Անոր մէջ Ճեմալ կը գրէ, որ Սելչուքի մայրը հայուհի էր, սակայն ան երբեք չէ խօսած այդ մասին ու գաղտնի պահած է զայն։
«Ես 2010ին, Սելչուքի մահէն քանի մը օր առաջ տեղեկացայ այդ մասին», կը գրէ Հասան Ճեմալ։
Ճեմալի գիրքի մասին գրախօսական մը ունէր Մուրատ Սապունճու, որ մեկնելով նորատիպ գիրքէն՝ կը գրէր, թէ «անոր՝ Իլհան Սելչուքի, կեանքին մէջ ալ կար նիւթ մը, զոր Սելչուք «գաղտնի կը պահէր բոլորէն». ատիկա իր մօր հայ ըլլալն էր»։
«Ռատիքալ» կը մէջբերէ Մուրատ Սապունճուի խօսքերը ու այսպէս կը շարունակէ իր տեղեկատուութիւնը. «Սելչուք թերեւս իրաւացի էր։ Չէ՞ որ այս հողերուն վրայ, բացի թուրք ըլլալու ինքնութենէն, շատ դժուար է այլ ինքնութեամբ մը ապրիլը։ Այնպէս ցոյց կը տրուի, թէ այս հանրապետութեան տէրը բովանդակ Թուրքիոյ բնակիչները չեն, այլ որոշ հատուած մըն է։ Այլ ինքնութիւններ հեռացուած են, թշնամութեան թիրախ նկատուած ու նոյնիսկ սպաննուած են։ Իլհան Սելչուքի մօր՝ Հիքմեթ-Քասըմ հանըմի հայ ըլլալուն մասին առաջին անգամ գրած էր գրագիտուհի Էմինէ Ուշաքլըկիլ՝ «Իմ Հանրապետութիւնը» խորագրեալ գիրքին մէջ։ Եալչըն Քիւչիւքն ալ ատկէ մեկնելով՝ 8 Մայիս 2011ին «Էմինէ՛մ» անուն յօդուածին մէջ կը հաստատէր այդ լուրը ու կը գրէր. «Էմինէ գաղտնիք մը կը բացայայտէ. Իլհան Սելչուքի մայրը հայուհի էր»»: