
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Թուտէյզ Զաման» պարբերականի սիւնակագիր Եաւուզ Պայտար «Հաֆինկթըն Փոսթ»ին մէջ հրապարակած իր յօդուածով անդրադարձած է հրեայ թուրք գործարար Իշակ Ալաթոնի յուշագրութիւններուն։ «Ներողութիւնը, իմ կարծիքով, երկրորդ հանգրուանին ըսելիք բան է։ Առաջին հերթին շեշտը պէտք է դրուի այս հասարակութեան՝ անցեալի մեղքերուն դէմ յանդիման կանգնելու քաջութեան վրայ: Մենք մինչեւ օրս զրկուած ենք ատկէ: Ասիկա վախցած հասարակութիւն է: Ես չեմ ամչնար այս մէկը ըսելէ. մենք կը սնուցանինք այս վախով եւ մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին վախցած ենք: Մեր իշխող համակարգը հիմնուած է վախի վրայ: Մենք պէտք է փոխենք ատիկա: Իսկ այդ մէկը ընելու միակ ուղին անցեալին հետ առերեսուիլն է», գրած է ան։
«Ալաթոնը, որ հասարակական աշխոյժ անդամ է, անվերջօրէն կոչ կ՛ուղղէ՝ վերջ դնելու արիւնոտ քրտական հակամարտութեան եւ որպէս իմաստուն մարդոցմէ մէկը, որ պատրաստ է հաշտեցման երկխօսութեան մէկ մասը դառնալու, նաեւ քաղաքացիները կը յորդորէ դէմ յանդիման գալու Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին կատարուած յանցագործութիւններուն եւ բարձրաձայնելու կատարուածը», գրած է սիւնակագիրը՝ աւելցնելով, որ այն հասարակութիւնը, որուն մէկ անդամն է ինք, իր անցեալէն փախուստ տալու լուրջ հարցերու դիմաց կանգնած է։
«Մենք մեզ կը համոզենք, որ եթէ մեր գիտցածը մեր մէջ պահել եւ ջնջել փորձենք, անիկա կը չէզոքանայ։ Սակայն անցեալի դիակները, որոնք փտած են այս հողին մէջ, կը թունաւորեն այն օդը, զոր մենք կը շնչենք: Այս առիթով կ՛ուզեմ հարց տալ՝ արդեօք կարելի է հանգստութիւն գտնել առանց պատմութեան դէմ յանդիման կանգնելու։ Ուրեմն եկէք այդ մէկը ընենք, որպէսզի կարենանք խաղաղութիւն հաստատել», նշած է Պայտար։
Ան նաեւ անդրադարձ կատարած է Ճեմալ փաշայի թոռան՝ յայտնի սիւնակագիր եւ խմբագիր Հասան Ճեմալի կողմէ վերջերս գրուած «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւն» խորագիրով գիրքին: Պայտար գրած է, որ գիրքը նոր բովանդակային շունչ ունի իր մէջ եւ աւելի եզակի եւ նշանաւոր կը դառնայ այն հանգամանքով, որ հեղինակը ինք՝ Հասան Ճեմալն է: Սիւնակագիրը իր գրութեան մէջ շեշտը դրած է Հայոց մեծագոյն ողբերգութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ Ճեմալ փաշայի ունեցած հիմնական դերակատարութեան։
«Հասան Ճեմալը իր կարգին, ի դէպ, գիրքին մէջ կը նշէ, որ կատարուածը Ցեղասպանութիւն էր: Գիրքին մէջ ան չի շրջանցեր կամ չի խուսափիր այս բառէն, ինչպէս շատ մը պատմաբաններ: Անոր աշխատութեան մէկ մասը ճամբորդութիւն է, որ ընթերցողը կը տանի դէպի ցաւալի անցեալ: Ան այս մէկը նկարագրած է այլ գիրքերու մէջ եւս, սակայն այս մէկը շատ աւելին է», նշած է թուրք սիւնակագիրը՝ մէջբերելով Հասան Ճեմալի՝ մամուլին տուած հարցազրոյցէն հատուած մը. «Հրանդ Տինքի ցաւն էր, որ ստիպեց զիս այս գիրքը գրելու։ Տինքը մեր բոլորին համար սիրելի եւ յարգելի գործընկեր էր»:
Եաւուզ Պայտար նիւթը եզրափակելով մէջբերում կը կատարէ Հասան Ճեմալի գիրքի նախաբանէն, ուր ան գրած է. «Մենք չենք կրնար լուռ մնալ անցեալի դառն ճշմարտութիւններուն դիմաց: Չենք կրնար թոյլ տալ, որ անցեալը ներկայի գերին ըլլայ: 1915ի ցաւը չի պատկանիր անցեալին, անիկա այսօր քննարկուելիք հարց է: Կրնանք խաղաղութեան հասնիլ միայն պատմութեան ճշմարտութեամբ, եւ ոչ թէ յօրինուած կամ խեղաթիւրուած պատմութեամբ, ինչպիսին է մերը»: Սիւնակագիրը կ՛աւարտէ հետեւեալ ձեւով. «Պետութիւնը ոչ միայն պէտք է ներողութիւն խնդրէ կատարուածին համար, այլ ներողութիւն պէտք է խնդրել նաեւ տարիներ շարունակ յանցանքը հերքելու համար»: