
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18 թուակիր նամակով մը, Հայ իրաւաբանական միութիւնը սուրիահայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու հարցով դիմած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի նախագահին:
Նամակին մէջ կը շեշտուի, թէ սոյն միջազգային կազմակերպութիւնները, յիշելով 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքները՝ պէտք է իրենց առաւելագոյնը ընեն նման արհաւիրքներու կրկնութեան առաջքը առնելու համար:
Նամակին մէջ նաեւ հարց կը տրուի, թէ միջազգային կազմակերպութիւնները ե՞րբ պիտի միջամտեն՝ կասեցնելու համար հայ եւ ոչ հայ անմեղ քաղաքացիներու սպանդը, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կը շարունակուի Սուրիոյ տարածքին:
Նաեւ կը նշուի, թէ Սուրիոյ հայերու պատմութիւնը կ՛երկարի մինչեւ Ք.Ա. վեցերորդ դար, սակայն սուրիահայութեան մեծամասնութիւնը հոն հաստատուած է Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն փախուստ տալով՝ դառնալով երկիրի օրինակելի քաղաքացիները:
Հայ իրաւաբանական միութիւնը յոյս կը յայտնէ, որ սոյն կազմակերպութիւնները անմիջական միջամտութեամբ կը յաջողին խաղաղութիւն հաստատել, որպէսզի Սուրիոյ քաղաքացիները, ներառեալ հայերը, վերագտնեն իրենց ապահովութիւնը եւ վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին: