ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱ՞Ր, ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՆՈԽԱ՞Զ, ԹԷ՞ ԵՐԿՈՒՔՆ ԱԼ ՄԻԱՍԻՆ ՈՒ ԲԱՆ ՄԸՆ ԱԼ ԱՒԵԼԻ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մինչ վրացի մեր դրացիները, Անդրկովկասի մէջ, կը յաջողին տիրանալ ժողովուրդի քուէով իշխանափոխութիւն իրագործելու ախոյեանութեան, ասդին՝ Հայաստանի մէջ, մենք կը շարունակենք օրէ օր աւելիով խրիլ ժողովրդավարական ոչ մէկ հեռանկար խոստացող նախագահական նոր ընտրութեանց աւազուտքին ու ոլորապտոյտին մէջ։
Ժողովրդավարական մրցավազքի հարց չունինք, անշո՛ւշտ, մանաւանդ անմիջական մեր դրացիներուն հետ։
Պարզապէս ընտրած ենք ժողովրդավարական զարգացման ճանապարհը, որովհետեւ մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքով առաջնորդուելու եւ համայն հայութեան հաւաքական ուժը զօրացնելու յարմարագոյն ուղին ա՛յդ կը նկատենք։
Բայց անպայման ունինք շրջանէն ներս Հայաստանի եւ հայութեան ռազմավարական կարեւորութիւնը հաստատելու խնդիր։ Իսկ քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանի եւ ծովու վրայ ելք ունեցող Վրաստանի բաղդատմամբ, Հայաստան ամէն բանէ աւելի կարիքը ունի կայուն ու համերաշխ զարգացման մէջ գտնուող՝ իրաւական ու ժողովրդավարական գործընկերոջ իր դիրքին ու առաւելութեան ամրագրումին։
Մինչդեռ, նոյնինքն միջազգային վարկանիշի առումով, Հայաստան փաստօրէն ընկրկում կ՛արձանագրէ, երբ մեր երկիրի իշխանութեանց կողմէ ամէն ճիգ կը թափուի ոչ թէ ժողովրդավարութիւնը զարգացնելու, այլ ընդհակառակն՝ զայն բովանդակութենէ պարպելու եւ նեղ–վերնախաւային դիրքերու ու առանձնաշնորհումներու պահպանման եւ վերանորոգման ծառայեցնելու համար…
Եւ այն օրը, երբ Վրաստանի մէջ գործող նախագահը կ՛ընդունէր իր գլխաւորած քաղաքական ճակատին ընտրական պարտութիւնը եւ կը խոստանար օժանդակել նոր՝ իրեն ընդդիմադիր կառավարութեան ձեւաւորումին, նոյն օրը Հայաստանի մէջ գործող նախագահը, իր նշանակած գլխաւոր դատախազի «միջնորդութեամբ» եւ Ազգային ժողովին մէջ իր ունեցած պատգամաւորներու մեծամասնութեամբ, խորհրդարանականի անձեռնմխելիութենէն զրկելու որոշում կը կայացնէր իր իշխանութեան գլխաւոր ընդդիմախօսներէն Վարդան Օսկանեանի նկատմամբ։
Իշխանաւոր ճամբարի բանբերներուն հաշւոյն անկասկած դիւրին է պնդել եւ երդում–պատառ ըլլալ՝ մեր ժողովուրդին տպաւորելու եւ համոզելու համար, թէ իրաւապահ մարմինները օրէնքի գործադրութեան կը հսկեն եւ ուրիշ ոչինչ։
– Չէ՞ որ իրաւապահ մարմինները մեղադրանքի արժանի գտած են Ազգային Ժողովի պատգամաւոր մը եւ, նոյնիսկ եթէ ան երկար տարիներ ղեկավարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, օրէնքով իսկ պարտաւոր են, չէ՞, դատաքննութեան մէջ ներգրաւելու մեղադրեալը։
– Իսկ այդ քայլին դիմելու համար օրէնքը կը պարտաւորեցնէ, չէ՞, որ Ազգային ժողովը հաւանութիւն տայ մեղադրեալը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու գլխաւոր դատախազի դիմումին։
Ամիսներէ ի վեր իշխանութեանց բերնին յանկերգի վերածուած էր օրէնքի պահպանման ու գործադրութեան անունով երդուելու այս քարոզարշաւը, որ ահա նաեւ իրաւական ու քաղաքական հնչեղութիւն ստացաւ Ազգային Ժողովի օրէնսդրական բարձրագոյն բեմէն։
Այդուհանդերձ՝ Ազգային Ժողովին կողմէ 71 քուէներու մեծամասնութեամբ Վարդան Օսկանեանին իրաւապահ մարմիններու դատաքննութեան «յանձնելէ» ետք անգամ, իշխանաւոր ճամբարի խօսափողները կը շարունակեն, պետական միջոցներու անխնայ գործածութեամբ, հանրային կարծիքը ողողել միեւնոյն քարոզչութեամբ, թէ եղածը քաղաքական «հետապնդում» չէ նախորդ արտգործնախարարին դէմ, ոչ ալ ուղղուած է անոր պատկանած Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան դէմ։
Եթէ Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը, իրապէ՛ս, քաղաքական «հետապնդում»ի չէ ձեռնարկած Վարդան Օսկանեանի դէմ, այդ պարագային ինչո՛ւ պարզ եւ յստակ պատասխանը չի տար, առաջին հերթին, Հայաստանի հանրային կարծիքն ու ներ–քաղաքական դաշտը յուզող գլխաւոր հարցումին.
– Կոռուպցիայի դէմ այս իշխանութեանց յայտարարած պայքարը այնքա՞ն շօշափելի ճամբայ կտրած է, աւելի պարզ՝ այնքա՞ն յղփացած գլուխներ ու ցեցեր օրէնքի խստութեամբ վար գլորած եւ ճզմած է արդէն, որ կը յաւակնի պետական իշխանութեան եւ ստուերային տնտեսութեան իրենց դիրքերը չարաշահող «մեծ»երուն հետ հաշուեյարդարէն անդին անցնիլ, բանալու համար թղթածրարը արտասահմանեան բարեսիրական հաստատութեանց այսպէս կոչուած «օրինախախտումներ»ուն, չըսելու համար ենթադրեալ «չարաշահումներ»ուն։
Պատասխանը, անշո՛ւշտ, ո՛չ է։
Ամէնէն ապաքաղաքականացած քաղաքացին անգամ կը տեսնէ, մանաւանդ իր մորթին վրայ կը զգայ, որ վերեւները կռնակ ունեցող պաշտօնեան կրնայ ամէն օրէնք խախտող կաշառք պահանջել կամ վերցնել եւ չունենալ… հաշուետուութեան կանչուելու, ո՜ւր մնաց պատժուելու դոյզն երկիւղն իսկ։
Այնքան ատեն, որ իշխանութեան վերին աստիճաններուն վրայ գտնուողները տակաւին ի վիճակի են իրենց հակակշիռին տակ պահելու կոռուպցիան, իսկ ներքեւ գտնուող «իւրայիններ»ը ի վիճակի են օրէնքին ու իշխանութեան պահանջներուն պատշաճեցնելու իրենց չարաշահումները, բնաւ պէտք չէ զարմանալ, որ իշխանութեան գրպանը խցկուած ամէն կարգի խաթարուած պաշտօնեաները լկտիացման աստիճան «թքած ունին»… դժգոհներուն եւ անոնց արձակած հակակոռուպցիոն սպառնալիքներուն վրայ։
Աւելի՛ն. ո՛չ ՀՀ գործող նախագահը եւ ոչ ալ անոր յանձնարարութեամբ շարժող ընդհանուր դատախազն ու Ազգային ժողովի հանրապետական մեծամասնութիւնը պարզամիտ են եւ անպայմա՛ն կ՛անդրադառնան, թէ այդքան ալ դիւրին չէ հանրային կարծիքը տարհամոզել, որ եղածը սոսկ օրէնքի գործադրութեան հանդէպ իրենց տածած նախանձախնդրութենէն կը բխի…
Կը հետեւի մեր ժողովուրդին յուզող երկրորդ գլխաւոր հարցը։
– Ինչո՞ւ այս իշխանութիւնը ձեռնարկեց «Օսկանեան Գործարք»ին, երբ շատ լաւ կը գիտակցի, որ նախ՝ ինքնին ի վիճակի չէ ծածկելու իբրեւ կառավարող վարչամեքենայի ու վերնախաւի խաթարուածութեան արդէն աչք ծակող իր մերկութիւնը, ապա՝ իրաւաբանական եզրերով իսկ այնքա՜ն վիճելի է «Սիվիլիթաս»ի հիմնադիրին ուղղուած դրամական իւրացման կամ դրամ լուալու մեղադրանքը։
Հայաստանի երրորդ նախագահը բազմիցս տուած է ապացոյցը քաղաքական ճատրակ խաղալու իր վարպետութեան…
Թէեւ օրէնքով դեռ ճշդուած չէ նախագահական յառաջիկայ ընտրութեան թուականը՝ ընտրապայքարի փուլերուն եւ մեքենականութեանց համապատասխան յստակացումով, այսուհանդերձ՝ 2011ի սկիզբներէն իսկ Սերժ Սարգսեան դրած է իր թեկնածութիւնը եւ ամենայն կամակորութեամբ լծուած է նախագահ վերընտրութեան ճատրակի խաղին։
«Օսկանեան Գործարք»ը այդիմաստ քայլ մըն է Հայաստանի նախագահին կողմէ, որ գիտնալով հանդերձ կոռուպցիայի մէջ իր խոցելիութիւնը՝ չի՛ վարանիր քար նետելու իբրեւ այդպիսին խոցելիութենէ շատ հեռու գտնուող իր մրցակիցին կողմը, նախագահ վերընտրուելու իր հաւանականութիւնը վտանգելու գնով։
Սերժ Սարգսեան նախագահական թեկնածուին ձեռնտու է, անշուշտ, որ՝
– Կոռուպցիայի մեղքով վարկաբեկուի իր ընդդիմախօսներէն մէկը։
– Քաղաքական նեղ դրութեան մատնուին իր նախագահ վերընտրութիւնը խանգարող ուժերը՝ Ռոպերտ Քոչարեան թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Հրանտ Բագրատեան թէ Գագիկ Ծառուկեան, Վահան Յովհաննիսեան թէ Րաֆֆի Յովհաննէսեան կոչուին անոնք։
– Վրաստանի մէջ Սահակաշվիլին «յանձնած» (արեւմտահայ բառապաշարով՝ «ծախած» ուժերը տասը մտածեն՝ Սերժ Սարգսեանը եւս «յանձնել»ու բեմագրութեան դիմելէ առաջ։
Հարկ չկայ շարքը երկարելու։
Բայց հարկը կայ շեշտելու, որ «Օսկանեան Գործարք»ը պարզապէս ճատրակի քայլ մըն է՝ դէպի նախագահական ընտրութիւններ Սերժ Սարգսեանի ձեռնարկած ընտրապայքարին համար։
Հարկը կայ նաեւ ընդգծելու, որ ՀՀ նախորդ արտաքին գործոց նախարարը «Օսկանեան Գործարք»ով կը վճարէ գինը 2013ի նախագահական ընտրութեանց՝ քաղաքական հաշուեյարդարի թիրախ ընտրուելով, քաւութեան նոխազի վերածուելով թէ երկուքին ալ միասին ու բան մըն ալ աւելիին զոհ երթալով…
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ