ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան այցելող Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ Ուոլֆկակն Թիրզէ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին յայտարարեց, թէ Հայաստանի հետ Գերմանիոյ յարաբերութիւնները արդէն իսկ 20 տարուան կեանք ունին եւ անոնք միշտ բնականոն եւ ոչ խնդրայարոյց եղած են:
«Մենք բազմապիսի հանդիպումներ ունեցանք երկիրի նախագահին, խորհրդարանի եւ կառավարութեան ղեկավարներու, նաեւ տարբեր կուսակցութիւններու պատգամաւորներու հետ: Շատ խիտ եւ տեղեկութիւններով յագեցած այց էր», յայտնած է ան:
Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու հարցին՝ ան ըսած է. «Գերմանիա կը դատապարտէ բոլոր նման յանցագործութիւնները: Հայաստանի պարագային՝ մենք դատապարտումը արտայայտելու յատուկ բանաձեւ վաւերացուցած ենք: Թուրքիա պէ՛տք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, սակայն մենք չենք կրնար արտասահմանէն այդ մէկը պարտադրել: Այդ մէկը լուրջ ջանքեր պահանջող գործընթաց է: Ինքնաքննադատական գիտելիքները տակաւին պէտք է հասնին թուրք հասարակութեան»:
Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ ան ըսած է, թէ տակաւին նման մտադրութիւն չկայ, քանի որ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը կարելի է հեռաւոր Պերլինէն բերել», աւելցնելով, թէ Գերմանիա պարզապէս կ՛աջակցի Մինսկի խմբակին:
Թիրզէ մարդասպան Սաֆարովի հերոսացումը նկատած է «Ատրպէյճանի տկարութեան արտայայտութիւն»:
Փոխնախագահը այցելած է նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ծանօթացած է Մեծ Եղեռնը հաստատող փաստաթուղթերուն ու վաւերագիրներուն, ապա «Պատուոյ հիւրեր»ու յուշամատեանին մէջ գրած է. «Կը դատապարտենք Ցեղասպանութիւնը ու պարտաւոր ենք խաղաղութիւն հաստատել եւ պաշտպանել մարդկային իրաւունքները»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.