ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոմիութիւնն ուշադրութեամբ կը հետեւի Ստեփանակերտի օդակայանի բացման հարցին. Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին այսպէս յայտարարած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆոր՝ պատասխանելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հարցումներուն:
«Եւրոմիութիւնը կ՛ուսումնասիրէ այս հարցը եւ անոր առնչութեամբ անպայման իր տեսակէտը պիտի յայտնէ: Այնուամենայնիւ, մեր դիրքորոշումը կը մնայ նոյնը՝ աջակցիլ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին: Նաեւ կոչ կ՛ընենք կողմերուն հեռու մնալու այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան աւելի խորացնել ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ յառաջացած խնդիրները», շեշտած է Եւրոմիութեան ներկայացուցիչը:
Ստեփանակերտի օդակայանի վերակառուցման աշխատանքներու առաջին օրէն իսկ, Պաքուի իշխանութիւնները կը սպառնան հարուածել զայն օգտագործող քաղաքացիական օդանաւերը:
Հոկտեմբեր 1ին, Ստեփանակերտի օդակայանը պաշտօնապէս ստացաւ շահագործման հաւաստագիր (certificate), որ կը հաստատէ, թէ անիկա կը համապատասխանէ միջազգային չափանիշերուն եւ կրնայ օդանաւեր ընդունիլ եւ ուղարկել:
Ինչպէս նախապէս հաղորդուած էր, շուտով պիտի սկսին Երեւան-Ստեփանակերտ եւ հակառակ ուղղութեամբ թռիչքները, սակայն ցարդ յստակ չեն անոնց մանրամասնութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.