ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եթէ ճիշդ է, որ ատրպէյճանական պատուիրակութեան անդամները խաւիարով կը կաշառեն Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) իրենց գործընկերները, «ապա այդ մէկը անընդունելի է», Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թուրպիոռն Եակլանտ:
«Ատրպէյճանական խաւիարը սպառնալիք է ԵԽԽՎ անկախութեան: Խորհրդարանի անդամները պէտք է անկախ, ինքնավար ըլլան ու գործեն այս կազմակերպութեան անունով՝ պաշտպանելով անոր չափանիշերն ու արժէքները», յայտարարեց Եակլանտ՝ աւելցնելով, թէ ինք իրաւունք չունի այս մասին փաստերը հետաքննելու, որովհետեւ ԵԽԽՎն անկախ մարմին մըն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.