ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շանլըուրֆայի )Ուրֆա) մէջ աւարտին հասաւ «Մահմուտօղլու» աշտարակի վերանոգութիւնը, զոր կ՛իրականանար քաղաքապետարանի պատուէրով։ Այս աշտարակը 12րդ դարուն կառուցուած է հայ ճարտարապետներու կողմէ։ Աշտարակը էական վնասներ կրած է դարերու ընթացքին. մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր նորոգութեան աշխատանքներ կ՛ընթանային հոն։ Վերակառուցեալ աշտարակը, որ կը նկատուի Ուրֆայի մէջ կանգուն մնացած միակ աշտարակը, պիտի ծառայէ իբրեւ քաղաքի պատմութեան թանգարան:
Աշտարակի արեւելեան կողմը կան քարեր, որոնց վրայ հայերէնով գրութիւններ կան, որոնք կը պատմեն աշտարակը շինողներու մասին։ Աշտարակը կառուցուած է 1122-1123ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.