ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի պիտի ունենայ դասախօսական երեկոյ մը՝ նուիրուած Մշակոյթի ամսուան:
Օրուան բանախօսն է դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան, իբրեւ նիւթ ունենալով՝ «Հայ գիրքի տպագրութեան 500ամեակը»:
Պիտի գործադրուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ «Այտընեան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Կրեկ Սարոյեանի:
Եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը դասախօսութեան աւարտին հիւրասիրութիւն կազմակերպած է:
Դասախօսական երեկոն տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ «Ռէյմոնտ եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ (1510 E. Mountain Ave. Glendale, CA 91207):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.