
ԵՐԵՒԱՆ, «arfd.am».- «Հայ-թուրքական արձանագրութեան ստորագրութիւնից երեք տարի յետոյ, ՀՅԴն չի փոխել իր տեսակէտը, եւ կարծում է, որ բաւարար ժամանակ է անցել, որպէսզի Հայաստանի իշխանութիւնները հասկանան իրենց սխալը, եւ դադարեցնեն նրա գոյութիւնը», Հոկտեմբեր 10ին, «Ուրբաթ» մամլոյ ակումբին մէջ յայտարարեց ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ան յստակացուց, որ թէեւ արձանագրութիւններուն առնչուող որեւէ աշխատանք չի տարուիր, սակայն անոնք կան եւ կենդանի իրաւական փաստաթուղթ են, որմէ կ՛օգտուի միայն Թուրքիան:
«Թուրքիան է դրանից շահում՝ Արցախի հարցում միջամտելու երկարամեայ քաղաքական նպատակ ունենալով», յայտնեց Մանոյեան՝ նշելով, որ խօսքը կը վերաբերի Ստեփանակերտի օդակայանի մասին քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ կատարած յայտարարութեան:
Թուրքիան կը մեղադրէ Հայաստանը, թէ Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործումը տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան պատճառ կը դառնայ. «Նա նոյնիսկ սպառնում է օդանաւակայանի բացման դէպքում միջամտել», նշեց Մանոյեան, որ աւելցուց, թէ Թուրքիան այս քայլով կը հակասէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու յայտարարութեան, համաձայն որուն, որեւէ սպառնալիք կարելի չէ ուղղել Հայաստանի օդային քաղաքացիական թռիչքներուն:
Կիրօ Մանոյեանի համաձայն՝ արձանագրութիւններէն «եթէ հայկական կողմը մի բան ստացաւ, դա այն էր, որ հայաստանեան իշխանութիւնները ընկալուեցին որպէս լաւ գործընկեր, ինչը նոյնպէս նոյն այդ միջազգային կառոյցների շահերից է բխում»։ Ան աւելցուց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այս կամ այն պետութեան դիմաց լաւ երեւելու քաղաքականութեամբ կ՛առաջնորդուին:
Ստորագրութիւնը յետս կոչելով՝ Հայաստանը չի կորսնցներ լաւ գործընկեր ըլլալու իր կարգավիճակը. «Աշխարհը կ՛ընկալի, որ Թուրքիան է մեղաւոր, որ արձանագրութիւնները դադարեն գոյութիւն ունենալուց», բացատրեց ՀՅԴ ներկայացուցիչը: Անոր համաձայն՝ Հայաստանի կողմէ ստորագրութիւններու յետս կոչումը չի կատարուիր մինչեւ Փետրուարին կայանալիք նախագահական ընտրութիւնները, քանի որ Հայաստանի իշխանութիւններուն անոնցմէ հասած միակ օգուտը՝ լաւ գործընկերոջ կարգավիճակով ներկայանալն է շարք մը պետութիւններու, որոնց շահերէն կը բխին այդ արձանագրութիւնները, բայց՝ ոչ մեր:
Կիրօ Մանոյեան նաեւ շեշտեց, որ արձանագրութիւններէն Հայաստանի ստորագրութեան վերացումը ոչ մէկ ձեւով կը վնասէ տարածաշրջանի կայունութեան։
Ըստ Մանոյեանի՝ Ատրպէյճան ո՛չ մէկ ռազմական քայլի կը դիմէ Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործման առնչութեամբ, եթէ, ի հարկէ, Ալիեւ խելքը չկորսնցնէ: «Ճիշդ է, ինչ որ սպառնալիքներ հնչում են, բայց Յուլիսից կայ պայմանաւորուածութիւն, որ օդանաւակայանը պէտք է բացուի. Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան այսօր փորձում են Ատրպէյճան-Հունգարիա գործարքի արդիւնքում ստեղծուած իրավիճակը բարդել Հայաստանի վրայ՝ այն կապելով օդանաւակայանի հետ», նշեց ան՝ շեշտելով, որ օդակայանը բնական կերպով պիտի աշխատի, իսկ Ատրպէյճան ոչինչ կրնայ ընել։ Մանոյեան դիտել տուաւ, որ հերթական սպառնալիքներու շարքին մաս կը կազմէ այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիան կրնայ փակել օդային սահմանը: Իսկ թէ ինչո՛ւ կը ձգձգուի Ստեփանակերտի օդակայանին առաջին թռիչքը՝ Կիրօ Մանոյեան եւս հակուած է մտածելու, որ զուտ թեքնիք պատճառներ կան: Անոր համաձայն՝ Ստեփանակերտի օդակայանի բացումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման նպաստող ազդակ է:
Վրաստանի մէջ կայացած ընտրութիւններուն գծով, Կիրօ Մանոյեան յոյս յայտնեց, որ Վրաստանի նոր իշխանութիւնները կը կարգաւորեն æաւախքի խնդիրները: «Յատկանշական է, որ Վրաստանի անկախացումից ի վեր, իշխանափոխութիւնը տեղի ունեցաւ խաղաղ, սովորական ընթացակարգով: Մեր համար կարեւոր է այս նոր իշխանութիւնների նախընտրական շրջանի իրենց բաւական զուսպ ելոյթները æաւախքի մասին. պիտի ասել, որ աւելի դրական յոյս ներշնչելու հիմք կար, քան գործող նախագահի քաղաքականութեան մէջ», յայտնեց ան։
Ներքաղաքական կեանքին վերաբերող հարցերէն, Մանոյեան անդրադարձաւ միայն մէկ հարցի՝ արտաքին գործոց նախկին նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեանի դէմ առաջադրուած մեղադրանքին՝ նշելով, որ այդ քրէական գործը երկիրի միջազգային հեղինակութեան վրայ վատ ազդեցութիւն կ՛ունենայ: