ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի անդամ Վահան Յովհաննիսեան «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ 23 Հոկտեմբերի ուշ երեկոյեան, նախաձեռնութեան երկրորդ օդանաւը Սուրիա հասած է՝ Սուրիական օդանաւային ընկերութեան օգնութեամբ։
Վահան Յովհաննիսեանի համաձայն, մարդասիրական օգնութեան երկրորդ խումբին քանակը՝ ի տարբերութիւն առաջինին, համեմատաբար քիչ եղած է: Այս անգամ բեռը կշռած է 1 թոն 800 քիլոկրամ. անոնց մէջ բաւական մեծ տեղ գրաւած են թանկարժէք դեղերը, որոնք տրամադրուած են «Արփիմեդ» ընկերութեան կողմէ:
Ըստ պատգամաւորին, նախորդ օժանդակութիւնը բաշխուած է ճիշդ նախատեսուածին պէս՝ արդար կերպով: Նոր ծրարները տակաւին օդակայանէն պիտի փոխադրուին, ինչ որ դժուար է, որովհետեւ կացութիւնը լարուած է։
«Տեղեկացանք, որ փոքր երեխաների համար կաթի անհրաժեշտութիւն կայ, եւ այս անգամ մեծ քանակութեամբ կաթի փոշի է ուղարկուել», յայտնեց Յովհաննիսեան եւ աւելցուց, որ օգնութիւնը կը բաժնուի թէ՛ սուրիահայերուն, եւ թէ սուրիացիներուն. «Որքանով բարոյական է օգնութիւն տալ սիրիահային եւ չտալ նրա սիրիացի հարեւանին: Նման բան Հալէպի մեր հայ եկեղեցին ինքն իրեն թոյլ չի տայ, մեր եկեղեցին արդար է, եւ այդ օգնութիւնից օգտւում են թէ՛ սիրիացիները, թէ՛ հայերը»:
Պատգմաւորը նաեւ յայտնեց, որ ի տարբերութիւն առաջին օդանաւին, երկրորդը Թուրքիոյ վրայով չէ անցած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.