
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Կառավարութիւնը այս տարուան ընթացքին անընդհատ յայտարարեց տնտեսութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած աճի մասին: Մեծ տոկոսներու մասին խօսուեցան գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան եւ այլ բնագաւառներու պարագային: ՀՅԴ մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեանի համար զարմանալին այն է, որ գրուած մեծ տոկոսներու կողքին նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացուեցաւ չնչին տոկոսներով: «Տնտեսութեան այդ աճը կապ ունի՞ ժողովրդի կենսամակարդակի հետ, թէ՞ ոչ: Պիտի ծառայի՞ դրա բարձրացմանը, թէ՞ ոչ: Ստացւում է, որ՝ ոչ: Այս դէպքում ես ուզում եմ հասկանալ՝ ո՞ւմ է աչքալուսանք տալիս կառավարութիւնը՝ յայտարարելով այդ թուերը», «Փան Արմինիըն»ի թղթակիցին յայտնած է Շահբազեան։
Ան նկատել տուած է. «Եթէ խօսքը ինչ-որ մէկի բիզնեսի ընդլայնմանն է վերաբերում կամ շահոյթների մեծացմանը, ապա թող աչքալուսանքը նրանց տան»: Շահբազեան յայտնած է, որ կայ այն իրողութիւնը, որ արձանագրուած տնտեսական աճը ոչ մէկ ձեւով առնչուած է ժողովուրդին, այդ պատճառով է ժողովրդային խաւին մօտ հիասթափութիւնն ու արտագաղթը չի նուազիր: «Եթէ մենք ուզում ենք այս երկրի առաջ ծառացած խնդիրները լուծել, ուրեմն պէտք է ունենանք ժողովրդի կենսամակարդակի բարձրացման գերակայ քաղաքականութիւն», եզրափակած է Ա. Շահբազեան: