ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Առաւօտ».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ իր դիրքորոշումը պիտի յստակացնէ այսօր՝ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Նշենք, որ Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբերին, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւորական խմբակցութեան քարտուղար Նայրա Զօհրապեանը յայտարարած էր, որ իր կուսակցութիւնը ձեռնարկած է քաղաքական ուժերու հետ խորհրդակցութիւններու շարքի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Հայաստանը նախագահական համակարգէն խորհրդարանական համակարգ տանելու հարցը:
«Առաւօտ»ի թղթակիցի այն հարցումին, որ հնարաւո՞ր է ՀՅԴն ու «Բարգաւաճ»ը համախմբուին խորհրդարանական համակարգի անցնելու գաղափարին շուրջ, մանաւանդ որ ՀՅԴ իր քաղաքական ծրագիրին մէջ միշտ ներառած է այդ գաղափարը՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան պատասխանած է, թէ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8ին «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ կայանալիք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ՀՅԴն պիտի հրապարակէ իր դիրքորոշումները յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.