
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեամբ հաւաքուած օժանդակութիւնը Հալէպ փոխադրող երրորդ օդանաւը երեւանեան ժամանակացոյցով 8 Նոյեմբերի ժամը երկուքին էջք կատարած է Հալէպի օդակայան։ Մինչ այդ, արդէն նախապէս մշակուած ուղեւորութեան պայմաններու եւ համաձայնութեան հիման վրայ, օդանաւը առաւօտեան ժամը 8:10ին վայրէջք կատարած էր Էրզրումի օդակայանը՝ անվտանգութեան նկատառումներով, եւ ենթարկուած է ստուգման:
Օդանաւը ենթարկուած է շուրջ մէկ ժամ տեւած մանրազնին ստուգման։ Թրքական պատկան մարմինները նմոյշներ առած են առաքուող իւրաքանչիւր ապրանքէ: Թրքական լրատուամիջոցները շուտով տեղեկութիւններ հրապարակած են օդանաւի վայրէջին մասին, սակայն այս անգամ գրեթէ բոլորը խուսափած են ցնցիչ տեղեկութիւններ հրապարակելէ, ինչպէս պատահած էր նախորդ անգամ: Նման դէպք մը տեղի ունեցած էր նաեւ 15 Հոկտեմբերին, երբ առաջին անգամ ըլլալով օժանդակութիւն կ՛առաքուէր Սուրիա։ Թէեւ այն ատեն խօսուած էր պարտադիր էջքի մասին, սակայն աւելի ուշ ի յայտ եկած էր, որ խորքին մէջ ծրագրուած վայրէջք էր կատարուածը՝ նախապէս գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ, իսկ օդանաւի խուզարկութենէն ետք անիկա ճամբան շարունակած էր դէպի Սուրիա։
Նախաձեռնութեան ներկայացուցիչ, Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեան յայտնած է, որ բեռնատար «Անտոնով ԱՆ 12» տիպի օդանաւը Հալէպ փոխադրած է 13 թոն բեռ, որ ամբողջովին սնունդ է: Նկատի ունենալով եղանակային պայմանները, օդի պաղ ըլլալը, այս անգամ կարելի եղած է նաեւ առաքել չոր կաթ եւ պանիր: