
Ստորեւ՝ Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ կեդրոնին մէջ կայանալիք ձեռնարկներու ցանկը.
– ՀՕՄի «Լոռի» մասնաճիւղի թէյասեղանի ձեռնարկ՝ Շաբաթ, Նոյմբեր 17ին.
– ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան հանրային կապի յանձնախումբի հերթական ձեռնարկ՝ Ուրբաթ, Նոյմբեր 17ին.
– ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան ընկերային յանձնախումբի «Ընտանեկան Երեկոյ»՝ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1.
– ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան ընկերային յանձնախումբի «Հայկական Ծնունդի ընթրիք»՝ Կիրակի, Յունուար 3, 2013.
– ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան ելեւմուտքի յանձնախումբի «Քազինոյի գիշեր»՝ Շաբաթ, Յունուար 26, 2013.
– ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան ելեւմուտքի յանձնախումբի «Սուփըր Պոլ»ի խրախճանք՝ Կիրակի, Փետրուար 3, 2013.
– ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան ելեւմուտքի յանձնախումբի Կեդրոնի տարեկան դրամահաւաքի ճաշկերոյթ՝ Շաբաթ, Մայիս 4, 2013:
Հայ Կեդրոնը բաց է շաբաթը հինգ օր, իսկ իւրաքանչիւր Չորեքշաբթի, հոն տեղի կ՛ունենայ «Ընկերային գիշեր»: