
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14ին, իսրայէլեան օդուժը անգամ մը եւս ռմբակոծեց Կազան՝ այս անգամ սպաննելով պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան զինեալ թեւի ղեկավար Ահմատ Ճապարին, անոր խորհրդականը եւ 7 քաղաքայիններ, ներառեալ՝ եօթնամեայ աղջնակ մը: Յարձակումը խստօրէն դատապարտելով եւ սպառնալով հակադարձել՝ «Համաս» զայն նկատեց պատերազմի հռչակում մը, մինչ Իսրայէլ սպառնաց զինուորական գործողութիւնները շարունակել Կազայի դէմ՝ ի հարկին նոյնիսկ ցամաքային ուժերը գործածելով, որպէսզի կարելի ըլլայ Կազայէն Իսրայէլի վրայ յարձակումները կասեցնել: