
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- «Արարատ տան» տարեկան դաշտահանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 23ին: Հակառակ տաք օդին, «Նաճարեան» նուգախումբը հոյակապ երաժշտութիւն ներկայացուց՝ պարի մղելով ներկաները, մինչ «Արա» պարախումբը հիացուց իր ներկայացումներով:
Մայք Սիւրմէյեանի ատենապետութեամբ կազմակերպիչ յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ «Թրիփըլ Էքս» եղբայրութեան Լոս Անճելըսի երէց ու կրտեսր մասնաճիւղերը, «Վարդանի Ասպետներ»ը եւ «Արարատ տան» անձնակազմի անդամները իրենց առաւելագոյնը ըրին՝ ապահովելու համար սոյն ձեռնարկի յաջողութիւնը:
Յատկանշական էր նաեւ, որ այս տարուան դաշտահանդէսին ներկայ էին սովորականէն աւելի մեծ թիւով երեխաներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ: